Ջաւախքի Զօրակցական Հաւաքին Բենիամին Պչաքճեանին Արտասանած Խօսքը
Ջաւախքը պատմական Հայաստանի մէկ անբաժան մասի տխուր իրավիճակն է ու անոր դժուար ապագայի մտահոգութիւնն է, որ մեզ անգամ մը եւս կը համախմբէ` մեր հաւաքական ձայնը բարձրացնելու ու մեր պահանջները բանաձեւելու համար: Անկախ Հայաստանի պետականութեան կայացման ու հզօրացման համար անհրաժեշտ այս երկրամասի ապագան է, որ մեզ կը յուզէ, արագօրէն զարգացող միջավայրի մէջ անոր տնտեսական ու ընկերային յետամնացութիւնն է, որ մեզ կը խռովէ: Դարերէ ի վեր իր պապենական հողին վրայ ապրած ու ստեղծագործած մեր ժողովուրդի մէկ հատուածին ապրուստի ծանր ու թշուառ պայմաններն են, տնտեսական իրավիճակի մութ ու անհեռանկար ճակատագիրն է, լիիրաւ քաղաքացիի ոտնակոխուած իրաւունքներն են, իր պատմութեան ու մշակոյթին ծանօթանալու պետական կաշկանդումներն են, իր համայնքային ու տեղական կեանքը ազատօրէն կազմակերպելու արգելքներն են, որ մեզ` բոլորս կը մտահոգեն:
Խորհրդային կարգերու փլուզումէն ետք Անդրկովկասը աշխարհաքաղաքական յատուկ նշանակութիւն ունեցաւ միջազգային բեմին վրայ:
Հարիւրամեակներէ ի վեր այս շրջանին վրայ իր հեղինակութիւնը պարտադրած Ռուսիան իր անմիջական ազդեցութեան գօտիէն շրջան կորսնցնելու տագնապ կ՛ապրի: Տագնապ, որ իր տնտեսական թէ ապահովական հետեւանքներով ծանր հարուած մը կ՛ըլլայ:
Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու, ինչպէս նաեւ պալթեան նախկին խորհրդային երկիրներու ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան հետեւումով, Վրաստան նաեւ կը փորձէ այդ կազմակերպութեան անդամակցութիւնը ապահովել. բան մը, որ իրականանալու պարագային ամբողջութեամբ աքցանի տակ պիտի առնէ Ռուսիոյ արեւմտեան եւ հարաւարեւմտեան ճակատները:
Անդրկովկասի երկիրներու անկախացումով Եւրոպական Միութիւնը պատեհ առիթը գտաւ, ռուսական մենաշնորհէն ձերբազատելով, ուղղակի հասողութիւն ունենալու կասպեան քարիւղին, ծրագրելով կառուցել զանազան խողովակաշարեր, որոնցմէ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղատարը արդէն կը գործէ:
Միացեալ Նահանգները իրենց կարգին կը ձգտին շրջանին մէջ ռուսական հեղինակութիւնը տկարացնելով` իրենց ազդեցութեան գօտին տարածել, կասպեան ուժանիւթի հանքերը հակակշիռի տակ առնել ու յաւելեալ զինուորական խարիսխներ ապահովելով` Իրանը շրջափակել: Իսկ Թուրքիան, որ Անդրկովկասը կը տեսնէ իբրեւ տարանցիկ գօտի դէպի համաթուրանական իր ծրագիրներու իրագործման, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի տնտեսական ու զինուորական օժանդակութիւններ տրամադրելով ու զանազան մարզերու մէջ գործակցութեան համաձայնագրեր կնքելով` կը ձգտի մէկ կողմէ Հայաստանի շրջափակումը պահելով զայն մեկուսացնել շրջանային զարգացման ոլորտէն ու տարանցիկ հաղորդակցական ճանապարհներէն, իսկ միւս կողմէն` նոր պայմաններու լոյսին տակ իր աշխարհաքաղաքական դիրքը վերարժեւորել իբրեւ շրջանային կարեւոր մէկ ուժի:
Շրջափակման պայմաններու տակ իր անմիջական կարիքներուն համար Հայաստանի հիմնովին կախեալ է Վրաստանէն: Հայաստանի բեռնափոխադրութեան երթեւեկին շուրջ 80 առ հարիւրը կ՛անցնի Վրաստանի նաւահանգիստներէն կամ հողային տարածքէն, ինչ որ մեծապէս կը պայմանաւորէ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները: Յստակ է, որ Անդրկովկասը կը գտնուի մեծ պետութիւններու թէ շրջանային ուժերու հետաքրքրութեան կիզակէտին մէջ եւ տարածաշրջանին մէջ իւրաքանչիւր հոլովոյթ պայմանաւորուած է այդ ուժերու յարաբերակցութիւններէն:
Այս միջավայրին մէջ է, որ կը գտնուի Ջաւախքը իր 6400 քառ. քմ. տարածութեամբ եւ շուրջ 200 հազար մեծամասնութեամբ հայ բնակչութեամբ: Ան հիւսիսային դարպասն է Հայաստանի ու ելքը` դէպի Սեւ ծով: Հոնկէ կ՛անցնին Պաքու-Ճէյհան խողովակաշարը եւ Կարս-Թիֆլիս-Պաքու երկաթ գիծը: Անոր աշխարհագրական դիրքը եթէ կարեւոր է շրջանը հետաքրքրող ուժերուն համար, ապա ան նաեւ կենսական է Հայաստանին համար:
Գուգարքի նահանգի գաւառ Ջաւախքը, պատմական Հայաստանի զանազան շրջաններու ոդիսականէն տարբեր ճակատագիր մը չէ ապրած: Արշակունիներու անկումէն ետք կռուախնձոր դարձած ու ձեռքէ ձեռք անցած է վրացիներու, սելճուքներու, պարսիկներու, թուրքերու եւ վերջապէս` ռուսերու միջեւ. իւրաքանչիւր նուաճող իրեն հետ բերած է աւեր, կոտորած, թալան ու ճնշում:
Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին, շրջանի անկախ հանրապետութիւններու ձեւաւորման ժամանակ, Թուրքիոյ քաջալերանքով հայ-վրացական պատերազմը կը ծագի, ու վրացիները կը յաջողին գրաւել Ջաւախքը:
Իսկ ազգութեամբ վրացի Ստալինի օրօք բացարձակ մեծամասնութեամբ հայերէ բնակուած այս տարածաշրջաններու ինքնավարութիւն ապահովելու հայ համայնավարներուն բոլոր ճիգերը ի դերեւ ելան ու ընդհակառակը, առիթ տուին հաւաքական մաքրագործումներու ու ծրագրուած հայաթափման աշխատանքի:
Խորհրդային կարգերու փլուզումը յոյս ներշնչեց եօթանասունամեայ ճնշման տակ ապրած ազգութիւններու ու փոքրամասնութիւններու` ինքնորոշման տարրական իրաւունքները իրականացած տեսնելու, սակայն նորանկախ հանրապետութիւնները եւ ի մասնաւորի Վրաստանի իրերայաջորդ վարչակարգերը փոխանակ երկրին ազգային բազմազանութիւնը նկատի առած, ղեկավարման նոր դրութեան մը շուրջ համախոհութիւն յառաջացնելու, ազգայնական այլամերժ մօտեցումներով ու ամբողջատիրական միջոցներով փոքրամասնութիւններու հանդէպ խտրական քաղաքականութիւն որդեգրեցին ու ազգամիջեան լարուածութիւնները հրահրեցին. լարուածութիւններ, որոնք բարդանալով` հասան պատերազմի, տեղահանութիւններու ու յանգեցան Աբխազիոյ ու Հարաւային Օսեթիոյ անջատման:
Հակառակ Վրաստանի կրած մարդկային, տնտեսական ու տարածքային ծանր կորուստներուն, կեդրոնական իշխանութիւններու փոքրամասնութիւններու, ի մասնաւորի ազգաբնակչութեան 8.1 առ հարիւրը կազմող հայութեան նկատմամբ վարքագիծը հիմնական փոփոխութիւն չկրեց: Շրջանի ազգագրական դիմագիծը փոխելու նկատառումներով վարչական կամակատար ու արհեստական բաժանումներ կատարուեցան զուտ հայաբնակ շրջաններու միացնելով իրենց հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունեցող վրացաբնակ շրջաններ, հայ ազգաբնակչութեան համեմատութիւնը 90 առ հարիւրէն նուազեցնելով 65-70 առ հարիւրի:
Աւելի եւս ազգագրական հաւասարակշռութիւնը խախտելու միտումով կը փորձուի 40-ական թուականներուն տեղահանուած մեցխեթցի թուրքերը վերաբնակեցնել հայահոծ շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ` վրացի երիտասարդներու տեղափոխութիւնը ու Ջաւախքի վարչական կեդրոն Ախալցխա հաստատումը քաջալերել:
Հակառակ իր թուային նկատառելի համեմատութեան, վիրահայութիւնը 235 անդամ հաշուող խորհրդարանին մէջ ունի ազգութեամբ հայ 2 ներկայացուցիչ, իսկ պետական կառոյցներուն մէջ գրեթէ անտեսուած է: Պարագան նոյնն է գիւղական եւ քաղաքային ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ, ուր հայութեան ներկայութիւնը չ՛արտացոլացներ շրջանի ազգագրական պատկերը, նաեւ հակաժողովրդավարական օրէնքներու հիմամբ շրջանային ղեկավարները կը նշանակուին նախագահին կողմէ:
Ազգագրական դիմագիծի փոփոխութեան ու պետական կառոյցներու մէջ հայերու հետեւողական անտեսման զուգահեռ կ՛ընթանայ նաեւ տնտեսական զարգացման ծրագիրներուն մէջ Ջաւախքը բացառելու գործընթացը: Խորհրդային կարգերէն մնացած հնամաշ ենթակառոյցով, արդիւնաբերական կառոյցներու ու գործարաններու բացակայութեամբ, տեղական թէ օտար ներդրումներու չգոյութեամբ, կեդրոնական իշխանութիւններու անտեսումով, ելեկտրական հոսանքի անջատումներով ու ճանապարհներու անմխիթար վիճակով Ջաւախքը շուկայական դրութեան մէջ մրցակցային ոչ մէկ դրական ցուցանիշ կը ներկայացնէ. ընդհակառակը, յամեցող անգործութեամբ օրէ օր աւելի կը սաստկանայ ու իրենց ապրուստը օտար ափեր փնտռելու կը մղէ երիտասարդութիւնը:
Արեւմտեան երկիրներու տրամադրած օժանդակութիւններէն կամ Հազարամեակի զարգացման ծրագիրներէն միտումնաւոր կերպով դուրս ձգուած է Ջաւախքը ու Վրաստանի այլ շրջաններու անհամեմատ զարգացման կը հակադրուի Ջաւախքի ընկերային, տնտեսական ծանր առօրեան ու անհեռանկար ապագան:
Հայաթափման լուռ, բայց հետեւողական ու հաստատ ընթացք, որուն հետեւանքները ծանր պիտի կշռեն ոչ միայն շրջանի, այլեւ ամբողջ հայութեան համար: Իր մայրենի լեզուին, սեփական ժողովուրդի պատմութեան ու մշակոյթին ծանօթանալու բնական ու իրաւացի պահանջը վարչակալական արգելքներով կը խափանուի, հոգեւոր ժառանգութեան տիրութիւնը, վերանորոգումը կամ օգտագործումը կը զլացուի, իսկ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ օրինական կարգավիճակը կը մերժուի:
2003-ի վերջերը Վարդերու յեղափոխութեամբ իշխանութեան հասած այսպէս կոչուած «Ժողովրդավարական սկզբունքներուն հաւատացող ու արեւմտեան արժէքներուն ձգտող» նոր ղեկավարները ամբողջութեամբ որդեգրեցին նախկիններուն ազգային փոքրամասնութիւններու հանդէպ գործադրուող խտրական քաղաքականութիւնը:
Ինչպէս հայ ժողովուրդը, այդպէս ալ ջաւախահայութիւնը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին իր աշխատասիրութեամբ ու ազնուութեամբ ձգտած է գեղեցիկին ու լաւագոյնին: Վայելած է բացառապէս իր աշխատանքին արդիւնքը իր ճակտի քրտինքով: Չէ յափշտակած ուրիշինը, չէ կեղեքած իր հարեւանը, չէ ոտնակոխած այլոց իրաւունքը: Իր ունեցուածքը ո՛չ թալանի, ո՛չ ալ կողոպուտի արդիւնք է, այլ` սերունդներու արեամբ ու քրտինքով շաղախուած բարիք: Բայց ան նաեւ անպայմանօրէն նոյն վերաբերմունքը կ՛ակնկալէ ուրիշէն, երբ իր ազգային արժէքները կ՛ոտնակոխուին, իր քաղաքացիի տարրական իրաւունքները կը զլացուին, ազատօրէն աշխատելու ու ստեղծագործելու միջոցները կ՛արգելակուին, ան գիտէ ինքզինք պաշտպանել եւ բրտօրէն հակադարձել:
Վարդերու յեղափոխականները պէտք է իմանան, որ պէտք չէ մղեն մեր ժողովուրդը այս ծայրայեղութեան, որովհետեւ հոն իրենց դէմ յանդիման պիտի գտնեն համայն հայութեան պոռթկումը: իսկ եթէ իսկապէս մարդկային տարրական իրաւունքներու պաշտպանութեան ջատագովներն են ու կը ձգտին արեւմտեան արժեհամակարգին, ուրեմն անյապաղ պէտք է երկխօսութեան նախաձեռնեն ու համաձայնաբար գտնեն ղեկավարման նոր համակարգ մը, որ կ՛ապահովէ շրջանին ազատ ու անկաշկանդ զարգացումը: Այս պայմաններուն տակ ինքնավարութիւնը լաւագոյն լուծումը պիտի ըլլայ:
8 յունիս, 2012

