ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ՄԱՍԻՆ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԿԸ ՇԵՇՏՈՒԻ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ երէկ հաստատեցին, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով կացութիւնը հետզհետէ կ՛ուղղուի դէպի յաւելեալ լաւատեսութիւն` նկատի ունենալով, որ տիրող մթնոլորտը ընդհանուր առմամբ դրական է եւ քաղաքական ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները բաւական շինիչ են ու լուրջ, որպէսզի կարելի ըլլայ կազմել ներդաշնակ եւ բոլորին հաւանութիւնը վայելող կառավարութիւն մը:
Նոյն աղբիւրները դիտել տուին, որ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքները արդէն իսկ հասած են իրենց երրորդ հանգրուանին, այսինքն` նախարարութիւններուն եւ նախարարներու անուններուն ճշդումի հանգրուանին:
Նոյն աղբիւրները մերժեցին յստակ թուական մը ճշդել կառավարութեան ծնունդը յայտարարելու առումով եւ դրուատեցին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ճառը, որ կը վերաբերէր կառավարութեան:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի ընդունեց Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ալմակրօ յայտնեց, որ իրենք ուրախ են Լիբանան կատարուած այցելութեան համար` ընդգծելով, որ Լիբանանի եւ Ուրուկուէյի միջեւ գործակցութեան առիթներն ու կարելիութիւնները շատ են եւ երկկողմանի գործակցութեան շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ իրականացնել երկկողմանի շահերը:
Ալմակրօ շեշտեց նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:
Միքաթիի այցելեց երեսփոխան Ռոպեր Ֆատել, որ վարչապետին յանձնեց Թրիփոլիի բարգաւաճման համար շրջանի երեսփոխաններուն կողմէ մշակուած ամբողջական ծրագիր մը:
Վարչապետ Միքաթիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Իթթիհատ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ, որ յայտնեց, թէ վարչապետը չ՛աճապարեր, սակայն կը կեդրոնանայ արագ կերպով կառավարութիւն մը կազմելու աշխատանքին վրայ:


