ՊԸՐՐԻԻ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊԵԼԷ ԵՏՔ ՈՒԻԼԻԸՄԶ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԱՐԱԳԱՑՆԵԼՈՒ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ուիլիըմզ յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային կազմուի` նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական մարտահրաւէրները:
Միւս կողմէ, Ուիլիըմզ մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն անյայտ կորսուելուն հարցով եւ կոչ ուղղեց շարունակելու հետաքննութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ զանոնք ազատ արձակել եւ ողջ առողջ իրենց տուները ուղարկել:
Անդրադառնալով Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ տիրող կացութեան` Ուիլիըմզ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է պահպանել լիբանանցի քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը` նշելով, որ ինք ուրախ կը զգայ, որ լիբանանեան գաղութէն ոչ ոք վնասուած է:
Ան աւելցուց, որ ՄԱԿ Ապիճանի մէջ տիրող կացութեան մօտէն կը հետեւի` հոն տեղակայուած ֆրանսական ուժերուն միջոցով:
Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին, Պըրրի շեշտեց, որ Պէյրութի ճարտարապետներու սենտիքայի ընտրութիւններուն ընթացքին խորհրդարանական մեծամասնութեան դաշինքին արձանագրած յաղթանակը ազգային ճակատին առաջին յաղթանակը կը նկատուի:
Այլ գետնի վրայ, Պըրրի շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանած ճառը մահացու հարուած մը տուաւ Ամալի եւ Հըզպալլայի միջեւ յարաբերութիւններու խզման ի խնդիր կատարուող բոլոր փորձերուն: