Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուալիտ Տաուք շեշտեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ փոխադարձ վստահութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Ան ընդգծեց նաեւ, որ պէտք է ընդառաջել առանց նախապայմանի տեղի ունեցող Ազգային երկխօսութեան նիստերուն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆուատ Սինիորա երէկ «Սատաթ Թաուըր»-ի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Եան Թոպ Քրիսթընսընը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դիւանագիտական հարցերու պատասխանատու Միշել տը Շատարեւեան:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիք Փաուլին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրը, որուն հետ քննարկեց պաղեստինեան գաղթակայաններուն իրավիճակը:
Զօր. Քահուաժի ընդունեց նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որ ուղղուած է Սէուտական Արաբիա` ցաւակցութիւն յայտնելու համար Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին, հանդիպում մը ունեցած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ երեկոյեան անծանօթներ Ղպէյրիի մէջ առեւանգեցին Ասսաֆ ընտանիքէն զինուոր մը եւ զայն փոխադրեցին Հորթաալա, ապա զայն ազատ արձակեցին` առանց անոր վերադարձնելու իր ինքնաշարժը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ լաւ գիտէ, թէ ո՛վ է սուլթանը, որ կը վայելէ երկրին քաղաքական իշխանութիւնը: Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը կարելի չէ փոփոխութեան ենթարկել` աւելցնելով, որ նման պարագայի մը երկրին մէջ անիշխանութիւն պիտի տիրէ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ամալ շարժումը եւ Հըզպալլան հրապարակած են կրօնական հրամանագիր մը, որուն մէջ անոնք նշած են, թէ Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբան փակելը մեղք կը նկատուի:
ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պատասխանատու նկատեց ելեկտրական հոսանքի չգոյութեան:
ՂՊԷՅՐԻ շրջանին մէջ Քարաքի եւ Մըքտատ ընտանիքներուն միջեւ անձնական հարց մը վերածուեցաւ զինեալ բախումի, որուն պատճառով արձանագրուեցան վիրաւորներ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալպեր Մանսուր յայտնեց, որ հարցերը տակաւին կը մնան լիբանանցիներուն մեծամասնութեան վերահսկողութեան տակ` աւելցնելով, որ անոնք կարող են հարցերը իրենց հակակշիռին տակ պահել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը կը փորձէ իր մօտ գտնուող տագնապը փոխանցել Լիբանան:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ամմար Հուրի յայտնեց, որ աունական նախարարներուն եւ երեսփոխաններուն կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնները, թէ ընդդիմադիր քաղաքական կողմերն են, որոնք կը խանգարեն լիբանանցիներուն ծրագիրները, խղճալի է:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ փորձառութիւնները ցոյց տուած են եւ փաստած, որ լիբանանցիները կրնան են շրջանցել իրենց միջեւ տիրող տարակարծութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Քերիմ Բագրատունի շեշտեց, որ Սուրիական ազատ բանակը կը փորձէ Լիբանանի մէջ անջատման գօտի մը կամ նոր Պենկազի մը ստեղծել:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակից աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ազգային երկխօսութեան երկրորդ նիստը ճակատագրական պիտի ըլլայ Լիբանանի համար:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հաղորդակցութիւնները խզուած են:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի երէկ ցեխարձակումներ կատարեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի դէմ` շեշտելով, որ Պասիլի համար աւելի արժանապատիւ կ՛ըլլայ, եթէ ան լքէ իր պաշտօնը: Մարունի յայտնեց նաեւ, որ կառավարութիւնը իր ուշքը կորսնցուցած է:
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն յայտնեց, որ ուղղակի տուրքերու յաւելումներ բովանդակող որեւէ պիւտճէի նախագիծ կարելի պիտի չըլլայ վաւերացնել: Միւս կողմէ, ան շեշտեց, որ ելեկտրականութեան տագնապին հարցը բաւական լուրջ եւ աղէտալի հարց մըն է:
ՀԻՈՒԱՐ կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումի երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի, որուն ցաւակցութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ նախկին գահաժառանգ իշխան Նայեֆ պըն Ապտել Ազիզի մահուան առիթով:

