Ժահժահ. «Պաշշար Ասատի Վարչակարգին Կեանքը Կարճ Է»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մաարապի մէջ ընդունեց ուսանողական պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան հաստատեց, որ լիբանանցի քաղաքական կարգ մը պատասխանատուներուն Պրազիլ այցելութիւնը` Ռիօ տի Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող բարգաւաճման համաշխարհային վեհաժողովին մասնակցելու նպատակով, խստիւ դատապարտելի է` նկատի ունենալով, որ Լիբանանը մութի մատնուած է եւ անոր քաղաքական ու ապահովական, ինչպէս նաեւ ապրուստի պայմանները հետզհետէ կը վատթարանան:

Ժահժահ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը չէզոքացած է եւ անոր կեանքը կարճ է:

Ան աւելցուց, որ կարեւորը այն է, որ ժողովրդավարութիւնը քաջալերենք եւ «Արաբական գարուն»-ը հասնի իր նպատակին:

 

Share this Article
CATEGORIES