Շարպել. «Քաղաքական Բարձր Մակարդակի Վրայ Որոշում Տրուած Է Ճամբաները Փակելու Քայլերուն Վերջ Տալու»
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ քաղաքական բարձր մակարդակներու վրայ տրուած են այնպիսի որոշումներ, որոնք կը միտին արգիլել նստացոյցերն ու ճամբաները փակելու քայլերը:
Շարպել հաստատեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ քաղաքական այդ որոշումը պահպանելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակին եւ ապահովական ուժերուն կողմէ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելու անհրաժեշտութիւնը:
Ներքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ ելեկտրական հոսանքը կամ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները կարելի չէ վերադարձնել ճամբաները փակելով եւ անիւներ հրկիզելով, ընդհակառակն` երկրին տնտեսութիւնը, զբօսաշրջութիւնը եւ կենսոլորտը կ՛աղաւաղուին եւ մարդոց առողջութեան կը վնասէ:
Շարպել ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ եւրոպական երկիրներու քաղաքապետարաններուն միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները:
Շարպել ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆոն, որուն հետ ստորագրեց համաձայնագիր մը` Լիբանանի եւ Սպանիոյ միջեւ բնական աղէտներու եւ հրդեհներու պարագային գործակցելու վերաբերեալ:


