Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Իպրահիմ Քանաանը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ ինք Ռայի պատրիարքին այցելած է` յառաջիկայ բարգաւաճման ծրագիրներուն գործադրութեան շրջագիծին մէջ անկէ օրհնութիւններ ստանալու համար:
Միւս կողմէ, կը նախատեսուի, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մէկ պատուիրակութիւնը այսօր այցելէ Պքերքէ` հանդիպում մը ունենալու համար մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
CATEGORIES Լիբանանեան

