Փոխվարչապետը Այցելեց Ամին Ժեմայէլի

Մուքպել եւ Ժեմայէլ

Փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել երէկ այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ Ժեմայէլի հետ քննարկած է շարք մը հարցեր, որոնք յառաջիկայ շաբաթ տեղի ունենալիք կառավարութեան նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին` մաղթելով, որ անոնց վերաբերեալ քննարկումները դրական արդիւնքներու կը յանգին:

Մուքպել յայտնեց, որ Ժալ էլ Տիպի մէջ նոր կամուրջի մը կառուցման թղթածրարը յառաջիկայ չորեքշաբթի օր պիտի քննարկուի եւ այդ իմաստով վերջնական որոշում պիտի տրուի:

Փոխվարչապետը աւելցուց, որ լիբանանցիները յուզող գրեթէ բոլոր հարցերը պիտի քննարկուին կառավարութեան նիստին ընթացքին, որովհետեւ երկրին մէջ իսկապէս անհանդուրժելի կացութիւն մը կը տիրէ:

Պատասխանելով երեսփոխանական ընտրութիւններուն թուականը յետաձգելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը` Մուքպել յայտնեց, որ իր անձնական կարծիքը այն է, որ այս կացութեան մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններ կարելի չէ կատարել:

 

Share this Article
CATEGORIES