Ղոսըն. «Բանակը Որոշ Չափով Ինքնազսպումի Կ՛Ենթարկուի»
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն յայտնեց, որ պաղեստինեան ղեկավարութիւններուն հետ իրենց ունեցած հաղորդակցութիւններուն ընթացքին անոնք շեշտած են խաղաղութիւնը պահպանելու իրենց յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց մերժումը` բանակին եւ պաղեստինցի գաղթականներուն միջեւ բախումներուն:
Ղոսըն շեշտեց սակայն, որ ինք մտահոգ է, որովհետեւ կացութիւնը կ՛ենթադրէ զգաստութիւն եւ զգուշաւորութիւն:
Ղոսըն ընդգծեց, որ բանակը որոշ չափով ինքնազսպումի կ՛ենթարկուի` աւելցնելով, որ անընդունելի է բանակին հանգամանքը թիրախ դարձնել: Այս մասին քննարկում կարելի չէ կատարել:
Ղոսըն հաստատեց, որ որոշ ատենէ մը ի վեր Լիբանան անբնական հանգրուան մը կը դիմագրաւէ եւ բաց է բոլոր հաւանականութիւններուն դիմաց: «Հետեւաբար բոլորը պարտին յարգել բանակը եւ վերջ տալ անոր հասցէին ցեխարձակումներ կատարելու, զայն թիրախ դարձնելու եւ ամբաստանելու երեւոյթին, որովհետեւ բանակն է երկրին եւ անխտիր բոլոր քաղաքացիներուն ապահովութիւնը պահպանողը», ըսաւ ան:

