Պըրրի Ընդունեց Պաղեստինեան Պատուիրակութիւն Մը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Պաղեստինի ազատագրութեան ազգային շարժումի կեդրոնական խորհուրդի անդամ ու Լիբանանի մէջ պաղեստինեան թղթածրարի պատասխանատու Ազզամ Ահմետը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Ահմետ յայտնեց, որ պաղեստինեան եւ լիբանանեան կեանքը յուզող լուրջ հարցեր կան` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ամէն ջանք ի գործ դնել` թեթեւցնելու համար բոլորին բեռը:
Ահմետ ընդգծեց, որ պաղեստինցիները Լիբանանի մէջ հիւրեր են եւ այդպէս ալ պիտի մնան: «Մենք կը մերժենք որեւէ ծրագիր, որ կը միտի Լիբանանի մէջ պաղեստինեան թղթածրարը ներքին լիբանանեան հարցի վերածել», ըսաւ ան:
Ազզամ Ահմետ նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ արաբական աշխարհը յուզող իրադարձութիւնները` նկատել տալով միաժամանակ, որ պաղեստինցիները կը զօրակցին Լիբանանի միասնականութեան եւ գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ կը հաստատեն, որ իրենք Լիբանանի օրէնքին ու կանոնին ենթակայ են:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆոն, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Այն Թինէի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Եմէնի դեսպան Ֆայսալ Ամին Ապու Ռաս, Օմանի դեսպան Մոհամետ պըն Խալիլ Ժազմի եւ Քոլոմպիոյ դեսպան Ռիտա Սալամէ:


