Նախագահ Սլէյման Կը Պատրաստուի Նախագահելու Ազգային Երկխօսութեան Երկրորդ Նիստին

Նախագահ Սլէյման եւ նախարար Ապու Ֆաուր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, որ կը պատրաստուի յառաջիկայ երկուշաբթի օր նախագահելու Ազգային երկխօսութեան երկրորդ նիստին, երէկ դրուատեց իսլամ-քրիստոնեայ վեհաժողովէն բխած բանաձեւերը` զանոնք նկատելով առողջ հիմքեր եւ անհրաժեշտ անցքեր` դէպի լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան ամրապնդում, ինչպէս նաեւ չափաւորականութեան իրագործում:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած բոլոր հարցերուն լուծումը կարելի է ապահովել երկխօսութեամբ եւ առարկայականութեամբ:

Նախագահ Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր, յատկապէս ինչ կը վերաբերի աղքատ ընտանիքներուն տրամադրուած օժանդակութեան ծրագիրին:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտին, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց Պէյրութի մէջ ներդրումներու յատուկ խորհրդաժողով մը կազմակերպելու մանրամասնութիւնները:

Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Նաժի Պուսթանի:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման յունիսի աւարտին կամ յուլիս ամսուան սկիզբը պիտի այցելէ Ֆրանսա, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:

Հանդիպումը պիտի ըլլայ առիթ մը, որուն ընթացքին նախագահ Սլէյման պիտի շնորհաւորէ Ֆրանսայի նախագահը եւ անոր հետ տեսակէտներ փոխանակէ լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային զարգացումներուն վերաբերեալ:

ՆՇԵՆՔ, որ «Սաֆիր» օրաթերթին համաձայն, նախագահ Սլէյման Ազգային երկխօսութեան նիստին գծով խորհրդակցած է Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի հետ: Պէտք է աւելցնել, որ Ազգային երկխօսութեան երկրորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ երկուշաբթի, 25 յունիսին եւ նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի Լիբանանի ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES