Վիգէն Զաքարեանի Անուան Հեծելարշաւի Մրցաշարք Եւ Յիշատակի Ոգեկոչման Հանդիսութիւն
Կիրակի, 17 յունիս 2012-ին տեղի ունեցաւ արցախեան ազատամարտիկ, ՀՄԸՄ-ական նահատակ Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին նուիրուած հեծելարշաւի մրցում մը` հովանաւորութեամբ եւ հսկողութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան:
Յիշեալ մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի հեծելարշաւի բոլոր ակումբներէն աւելի քան 40 հեծելանւորդներ: Մրցումին երկարութիւնն էր 60 քմ, Տըպպայէի «Մարինա» մայրուղիին վրայ, որ ներքին ապահովութեան ուժերուն յատուկ կարգադրութեամբ փակուած էր երթեւեկին դիմաց:
Ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի անդամներ, ներքին ապահովութեան ուժերու եւ ակումբներու պատասխանատուներ:
Նախքան մրցումը սկսիլը, մասնակցող մարզիկները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին յիշատակը նահատակ եղբօր, որմէ ետք մրցումին ազդանշանը տրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեանի կողմէ:
Սուր մրցակցութեան մթնոլորտի մէջ մրցումը աւարտեցաւ շուրջ 2 ժամ ետք:
Առաջին հանդիսացաւ Զահեր Հաժ, երկրորդ` Ապտալլա Արապ, իսկ երրորդ` ՀՄԸՄ-ի խումբի մարզիկ Սալահ Ռապպահ:
Մրցումի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն:
Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամները` ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄ-ական մարզիկներուն եւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի անդամներուն ուղղուեցան ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբ, ուր տեղի ունեցաւ նահատակ ՀՄԸՄ-ական Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման հանդիսութիւն մը:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Հայկ Թապագեան, որ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը նահատակ եղբօր, ինչպէս նաեւ` քանի մը ժամ առաջ մահացած ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի նախկին ախոյեաններէն եւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Յովհաննէս Ծատուրեանին:
Հայկ Թապագեան յայտնեց, որ Վիգէն Զաքարեան եւ իր նմանները հաւատալով ազատ եւ անկախ Հայաստանի տեսլականին, նուիրուեցան «Ազատութիւն կամ մահ» նշանաբանին, քայլ առին դէպի հայրենիք ու զոհաբերուեցան հայրենիքի համար: Թապագեան հաստատեց, որ Շրջանային վարչութիւնը որոշած է աւանդական դարձնել նահատակ եղբօր յիշատակին նուիրուած այս մրցաշարքը եւ ամէն տարի կազմակերպել զայն:
Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի խօսքը փոխանցեց ֆետերասիոնի անդամ Քայսար Սալլում, որ իր խօսքին մէջ յիշատակեց Վիգէն Զաքարեանը` ցաւակցութիւն յայտնելով ՀՄԸՄ-ին եւ անոր ընտանեկան պարագաներուն:
ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի խօսքը արտասանեց Մարալ Մխսեան, որ վեր առաւ նահատակ ընկերոջ ՀՄԸՄ-ականի եւ ԼԵՄ-ականի արժանիքները` շեշտելով, որ «Նիկոլ Դուման» ակումբը եղած էր ընկերոջ հարազատ երկրորդ տունը, եթէ ոչ` առաջինը:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան` յայտնելով որ եթէ ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնը հարուստ է մարզական յաղթանակներով ու այդ յաղթանակները կերտող մարզիկներու անուններով, ապա` ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնը հարուստ է նաեւ գաղափարի եւ հայրենիքի համար նահատակուելու պատրաստ միութենականներով, որովհետեւ ՀՄԸՄ եւս իր հիմնադրութենէն սկսեալ տուած է նահատակներ` Շաւարշ Քրիսեանը, Վահան Չերազը, Վարդգէս Տէր Կարապետեանը, Լեւոն Պէրպէրեանը, Ներսէս Խիւտավերտեանը, Սարգիս Ազնաւուրեանը եւ ղարաբաղեան պայքարի նահատակներ Վարդան Բախշեանը եւ Վիգէն Զաքարեանը:
Քէշիշեան յայտնեց, որ եթէ պարտաւոր ենք ոգեկոչել յիշատակը մեզմէ անվերադարձ բաժնուողներուն, կրկնակի եւս պարտաւոր ենք ու պարտական միաժամանակ` յիշատակը վառ պահելու բոլոր անոնց, որոնք իրենց կեանքին գնով կենդանի օրինակ դարձած են զոհաբերութեան եւ հայրենասիրութեան:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետը իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Նահատակները չեն մեռնիր, անոնք կ՛ապրին իրենց մահէն ետք…» :
Ձեռնարկի աւարտին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը նահատակ եղբօր անունով յատուկ պատրաստուած յուշատախտակներ յանձնեց Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին եւ նահատակ Վիգէն Զաքարեանի ընտանեկան պարագաներուն:

