Լեռնալիբանանի Նահանգի Քաղաքապետութիւններու Առաջին Խաղեր. «Ամալ» Շարժումին Տուած Մամլոյ Ասուլիսը` Ներկայութեամբ Մեծաթիւ Հրաւիրեալներու

Չորեքշաբթի, 20 յունիսին, «Հապթուր» պանդոկին մէջ (Հըրշ Թապեթ) տեղի ունեցաւ «Ամալ» շարժումին տուած մամլոյ ասուլիսը` ներկայութեամբ մեծաթիւ հրաւիրեալներու:

Անիկա կ՛իյնար ծիրին մէջ Լեռնալիբանանի նահանգին քաղաքապետութիւններուն միջեւ տեղի ունենալիք առաջին խաղերուն, որ կ՛ընդգրկէ երեք տեսակի մարզաձեւեր: Անոնք են` մինի-ֆութպոլ, փինկ փոնկ եւ վազք:

Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի ներկայացուցիչ Ֆայսալ Ալամէտտին, «Ամալ» շարժումի գործադիր յանձնախումբի անդամները, Պէյրութի Մարաթոն յանձնախումբի նախագահ Մէյ Խալիլ, պաշտօնական այլ անձնաւորութիւններ, քաղաքապետեր, քաղաքապետութիւններու անդամներ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:

Ներկաներուն բարի գալուստի իր արտասանած խօսքէն ետք Ուիսամ Շիրի յոյս յայտնեց, որ նախարար Ֆայսալ Քարամէի հովանաւորութեամբ տեղի ունենալիք այս առաջին խաղերը պսակուին մեծ յաջողութեամբ եւ քաղաքապետութիւններու կողմէ անոնց մեծ արժէք տրուի:

Ապա, յաջորդաբար խօսք առին Լեռնալիբանանի նահանգի քաղաքապետութիւններու համադաշնակցութեան պատասխանատու եւ Ամալ շարժումի անդամ Ալի Հաժ, ապա Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի Լեռնալիբանանի նահանգին յանձնախումբի նախագահ Ժոզեֆ Ազզամ, եւ վերջապէս` Ֆայսալ Ալամէտտին:

Անոնք բոլորն ալ շեշտը դրին, որ բոլոր քաղաքապետութիւնները կարեւորութիւն ընծայեն այս առաջին խաղերուն` նկատի ունենալով, որ այս կամ այլ տեսակի մարզաձեւերն են, որոնք ի մի կը խմբեն տարբեր տեսակի գաղափարներ ունեցողները, այլազան համայնքներու եւ կուսակցութիւններու մաս կազմողները:

Նշենք, որ մինի-ֆութպոլի մրցումները տեղի պիտի ունենան «Օլ Սփոր» դաշտերուն վրայ (Շուէյֆաթ), փինկ փոնկի մրցումները` Ատապ Ուալ Ռիատա (Քֆարշիմա) ակումբին մէջ, իսկ վազքի մրցումը` Ժիպէյլի մէջ:

Մինի-ֆութպոլի մրցումները կը սկսին հինգշաբթի, 21 յունիսին, վազքի մրցումները` կիրակի, 24 յունիսին, իսկ փինկ փոնկի մրցումները` շաբաթ 30 յունիսին:

Share this Article
CATEGORIES