Եուրօ-2012. Փորթուգալ Յաղթեց Չեխիոյ (1-0)` Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Նշանակած Կոլին Շնորհիւ

Մրցումին նշանակուած միակ կոլը

Երէկ տեղի ունեցաւ Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի առաջին մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Ա. խմբակին առաջին դիրքը գրաւած Չեխիա եւ Բ. խմբակին երկրորդ դիրքը գրաւած Փորթուգալ:

Մրցումը տեղի ունեցաւ Վարշաւայի մէջ (Լեհաստան) գտնուող «Նասիոնալ» դաշտին վրայ` ներկայութեամբ աւելի քան 55 հազար համակիրներու: Մրցումին կեդրոնի իրաւարարն էր անգլիացի Հաուըրտ Ուեպ:

Թէեւ մրցումին Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով, սակայն Փորթուգալ կրնար անոր կորսուած վայրկեաններուն 1-0 արդիւնքով յառաջանալ, եթէ Չեխիոյ բերդին ուղղահայեաց սիւնը չզսպէր Ռէալ Մատրիտի վտանգաւոր յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի ուժգին հարուածը:

Անոր խմբակիցներ Նանի եւ Միկել Վելոսօ ստացան դեղին քարտեր` իրենց քիչ մը բիրտ խաղարկութեան պատճառով:

Մրցումը եղաւ քորնըրներով հարուստ` նկատի ունենալով, որ Փորթուգալ ձեռք ձգեց 11, մինչ Չեխիա` 6 քորնըր: Ինչ կը վերաբերի գնդակին տիրապետելուն, Փորթուգալ մրցումին տեւողութեան անոր տիրապետեց 57 տոկոսով:

Բաւական մը պայքարելէ եւ շարք մը յարձակումներ կազմակերպելէ ետք Չեխիոյ բերդապահ Փիթըր Չեխի վրայ, ի վերջոյ Ռոնալտօ փրկեց կացութիւնը, երբ 79-րդ վայրկեանին գլխու հարուածով մը նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին միակ կոլը` փոխանցում մը ստանալէ ետք Ժոաօ Մութինիոյէն:

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ

Ռոնալտոյի նշանակած կոլին շնորհիւ, այսպիսով Փորթուգալ յաջորդաբար հինգերորդ անգամ ըլլալով ապահովեց Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի իր տոմսը:

Նախապէս, աշխարհի տարուան լաւագոյն մարզիկը ընտրուած Ռոնալտօ նշանակեց այս մրցաշարքին իր երրորդ կոլը:

Ապահովելով կիսաւարտականի իր տոմսը` Փորթուգալ իր դէմ պիտի ունենայ Սպանիա – Ֆրանսա մրցումին յաղթականը: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` շաբաթ:

Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք քառորդ աւարտականի երկրորդ մրցումին, անիկա իրարու դէմ պիտի հանէ Բ. խմբակին առաջին դիրքը գրաւած Գերմանիան եւ Ա. խմբակին երկրորդ դիրքը գրաւած Յունաստանը: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), կը խոստանայ ըլլալ հետաքրքրական:

 

Share this Article
CATEGORIES