Ա. Սէ. Միլան Իր Կազմին Միացուց Ասերպին Եւ Քոնսթանթը, Մինչ Սիտորֆ Հեռացաւ Խումբէն

Քլարենս Սիտորֆ

«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ա. Սէ. Միլան իր կազմին միացուց Քիեւոյի յետսապահ Ֆրանչեսքօ Ասերպին եւ Ճենովայի միջնապահ Քեւին Քոնսթանթը (Կինէա): Մինչ անոնք միացան խումբին, անդին հոլանտացի միջնապահ Քլարենս Սիտորֆ լքեց իր կազմը` տասը տարի անոր մաս կազմելէ ետք:

Հաւանաբար Ա. Սէ. Միլանէն հեռանան նաեւ այլ «ծեր» մարզիկներ, որոնց կարգին` Կենարօ Կաթուզօ, Ալեսանտրօ Նեսթա, Ֆիլիփօ Ինցակի, Ճիանլուքա Զամպրոթթա եւ Մարք Վան Պոմել:

Սիտորֆ, որ 2003-ին եւ 2007-ին իր ակումբին հետ տիրացաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին, դրական մթնոլորտի մէջ հրաժեշտ տուաւ իր ակումբին:

Share this Article
CATEGORIES