Էդուարդ Մարգարովի Ծննդեան 70-Ամեակին Նուիրուած Վեթերաններու Ֆութպոլի Մրցում. Հայաստան – Ռուսիա` 7-7
20 յունիս 2012-ին, հայկական ֆութպոլի ամէնէն վառ աստղերէն մէկը` Էդուարդ Մարգարով, տօնեց իր ծննդեան 70-ամեակը: Այս առիթով Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ֆութպոլիստներուն միջեւ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը, որ աւարտեցաւ 7-7 հաւասարութեամբ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքէջը, որ կը հաղորդէ այս լուրը, կը յայտնէ, որ Հայաստան դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով. Ալիոշա Աբրահամեան, Էդուարդ Մարգարով, Յովհաննէս Զանազանեան, Նորայր Մարտիրոսեան, Արկադի Անդրէասեան, Արմէն Պետիկեան, Երուանդ Կրպաշեան, Ռաֆայէլ Գալստեան, Բաբգէն Մելիքեան, Սամուէլ Պօղոսեան, Կարէն Տոխոյեան, Էդուարդ Վերանեան, Տիգրան Եսայեան, Արամ Վարդանեան, Սողոմոն Սիմոնեան, Հրաչեայ Միքայէլեան, Մուրատ Անգթեան եւ Պօղոս Այվազեան:
Իսկ Ռուսիա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով. Վալերի Նովիքով, Սերկէյ Կորլուքովիչ, Եուրի Քովթուն, Ֆիոտոր Չերենքով. Սերկէյ Քիրիաքով, Ալեքսանտր Միրզոյեան, Տմիթրի Քուզնիցով, Վալերի Շմարով, Ալպերթ Սարգսեան, Պորիս Պոզտընիաքով, Կարէն Սաֆարով, Կարէն Բեքլարեան, Կարէն Բաղդասարով, Էռնեսթ Մարգարով, Անդրանիկ Մարգարեան, Սամուէլ Լազարեան եւ Աշոտ Յակոբեան:
Այս հանդիպումը վարեցին ճանչցուած հաղորդավարներ Համլեթ Տուշչեան եւ Գէորգի Չերտանցեւ: Վերջինս Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացաւ Ռուսիոյ կազմէն:
Հայաստանէն հեթրիք իրագործեց Արամ Վարդանեան, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Էդուարդ Մարգարով, Սամուէլ Պօղոսեան, Կարէն Տոխոյեան եւ Տիգրան Եսայեան:
Իսկ Ռուսիոյ կազմէն հեթրիք իրագործեց Տմիթրի Քուզնեցով, Սերկէյ Քիրիաքով նշանակեց երկու կոլ, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Վալերի Շմարով եւ Անդրանիկ Մարգարեան:

