Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Արտակ Յովհաննիսեան Եւ Դաւիթ Ափոյեան Տիրացան Արծաթ Մետալի
Զաղրեպի մէջ (Խրուաթիա) տեղի ունեցող ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումներուն, ազատ ոճի հայ պատանի ըմբիշները տիրացան երկու արծաթ մետալի, կը յայտնէ PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը:
55 քկ դասակարգին մէջ, Արտակ Յովհաննիսեան թէեւ հասաւ աւարտական հանգրուան, սակայն պարտուելով իր ազրպէյճանցի մրցակիցէն` Ղալեպ Ալիեւէն, տիրացաւ արծաթ մետալին:
Ինչ կը վերաբերի Դաւիթ Ափոյեանի, ան 66 քկ դասակարգին մէջ իր կարգին հանդիսացաւ երկրորդ, երբ աւարտականին պարտուեցաւ իր թուրք մրցակիցէն` Մուսթաֆա Քայաֆէն:
84 քկ դասակարգին մէջ Վահէ Թամրազեան, բաւական մօտ էր պրոնզ մետալի մը տիրանալու, սակայն ան պարտուեցաւ Սանտրօ Ամինաշվիլիէն (Վրաստան): Մետալի չյաջողեցաւ տիրանալ նաեւ Համլեթ Աբրահամեան (120 քկ):
CATEGORIES Մարզական

