50 Տարի Առաջ ( 23 Յունիս 1962 )
Խմբագրական
Միջվարժարանային
Գ. Մարզահանդէսը
Վաղը` կիրակի, 24 յունիս, Մարզական աւանի ընդարձակ դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ միջվարժարանային Գ. մարզահանդէսը, բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետին եւ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդին:
ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ Ուսումնական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ տեղի ունենալիք այս մարզահանդէսին պիտի մասնակցին 12 ազգային վարժարաններէն եւ Ճեմարանէն 1500 երկսեռ աշակերտներ, որոնք բազմահազար ժողովուրդին պիտի ներկայացնեն իրենց ամիսներու տքնաջան փորձերուն գեղեցիկ արդիւնքը:
Միջվարժարանային մարզահանդէսները տեղի կ՛ունենան երեք տարիէ ի վեր` փոխարինելով ազգային կարգ մը վարժարաններու մարզահանդէսները, որոնք սահմանափակ տարողութիւն ունէին եւ սահմանափակ հետաքրքրութիւն կ՛արթնցնէին հասարակութեան մօտ:
Արդարեւ, ձեռնարկի յաջողութեան եւ արդիւնաւորման տեսակէտէն, այս համախմբումը կրկնապէս գովելի գաղափար մըն է` կոչուած առաւելագոյն չափով ծառայելու Ուսումնական խորհուրդի եւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան նպատակներուն:
Այս պատկառելի ձեռնարկին մօտենալով կրթական անկիւնէն` կը հաստատենք, թէ մարզահանդէսի կազմակերպիչները գովելի գործ մը կատարած կ՛ըլլան` համախմբելով ազգային վարժարաններու ճիգերը եւ միակ ու տպաւորիչ մարզահանդէսով մը ներկայանալով հասարակութեան: Ասիկա, անկախ նիւթական արդիւնքէն, կը ներկայացնէ բազմաթիւ առաւելութիւններ, որոնցմէ մէկ քանիին վրայ կ՛ուզենք դնել շեշտը:
Նախ, բազմաթիւ վարժարաններ մէկտեղելով, կազմակերպիչները խթանած կ՛ըլլան մրցակցութեան եւ բարի նախանձի ոգին, որ իւրաքանչիւր վարժարանի տնօրէնութիւն եւ աշակերտութիւն կը մղէ տալու իր առաւելագոյնը: Այսպիսով, կը բարձրանայ հանդէսին մարզական որակը, որուն շնորհիւ առաւելագոյն արդիւնքները ձեռք կը բերուին, զուտ թեքնիք գետնի վրայ:
Երկրորդ, տասներկու վարժարաններու աշակերտները մէկտեղելով, զանոնք ամիսներ շարունակ միասնաբար փորձի ենթարկելով` անոնց մէջ կը ստեղծուի եղբայրական ոգին, իրարու կը ծանօթանան իրարմէ հեռու թաղերու մէջ գտնուող վարժարաններու աշակերտները, իրենց երիտասարդական խանդավառութեան գումարով:
Զուտ մարզական գետնի վրայ, մարզահանդէսները հրապարակային ցուցադրութիւններն են այն ճիգին, որ իւրաքանչիւր վարժարան պարտի թափել իր սահմանին մէջ` հետեւելով պետական սերթիֆիքայի ծրագրին: Ծնողներ պէտք չէ անգիտանան, թէ մարզական խաղերը պարտադրաբար մաս կը կազմեն պետական սերթիֆիքայի քննութեանց եւ կ՛ազդեն թեկնածուներու ստանալիք միջինին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը հայ մարմնամարզական մեծագոյն միութեան ծրագրին ու նպատակին հաւատարիմ գործ մը կատարած կ՛ըլլայ` ստանձնելով նման աննախընթաց ձեռնարկի մը կազմակերպութիւնը, ու գիտենք, թէ առաւելաբար անոր ուսերուն կը ծանրանայ անոր պատրաստութեան ամբողջ հոգը` գործակից ունենալով ազգային վարժարաններու մարզանքի ուսուցիչները:
ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը ազգային վարժարաններու դեռատի աշակերտներուն մէջ կը տեսնէ վաղուան մարզիկները, որոնք իր նշանաբանին ներքեւ ապագային պիտի գան խտացնելու շարքերը քրիսեաններու աննման միութեան:
Հայ հասարակութեան կը մնայ քաջալերել այս մեծ ձեռնարկը, որուն դերակատարները մեր զաւակներն են, ազգի՛ն զաւակները, որոնք պիտի ըլլան վաղուան տիպար հայերը` «Առողջ միտք` առողջ մարմնի մէջ» նշանաբանով:
Անկախ այս բոլորէն, մարզահանդէսը իր ստեղծած լայն հետաքրքրութեամբ, կ՛ապահովէ նիւթական պատկառելի հասոյթ մը, որ բաժնուելով մասնակցող վարժարաններուն` կը նպաստէ անոնց նիւթական վիճակի բարելաւման:
Վստահ ենք, որ այս տարուան մարզահանդէսը պիտի գերազանցէ իր նախորդները` թէ՛ մարզական եւ թէ՛ բարոյական գետնի վրայ: Այս վստահութիւնը պիտի հաստատեն մեզի հետ այն բազմահազար հանդիսականները, որոնք վաղը ականատես պիտի ըլլան նորահաս սերունդի յաղթական շքերթին:

