Գիտութեան Համար Շինուած Քաղաք Մը
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Կեղծ քաղաք մը ամբողջովին պիտի շինուի Միացեալ Նահանգներու մէջ` հոն գիտական փորձեր կատարելու համար:
Մօտաւորապէս 30 քառակուսի քմ «տարրալուծարան-քաղաք» մը պիտի սկսի բարձրանալ Միացեալ Նահանգներու Նիւ Մեքսիքոյի անապատին մէջ:
Ան օժտուած պիտի ըլլայ ճամբաներով, առեւտուրի կեդրոններով, հին ու նոր տուներով եւ շէնքերով:
Այդ քաղաքին մէջ ամէն ինչ (ճամբաներէն մինչեւ շէնքերը, ուժանիւթի աղբիւրներէն անցնելով) պիտի շինուի առաւելագոյն կերպով յարգելով միջավայրը: Քաղաքը պիտի կարենայ ընդունիլ 40 հազար բնակիչ, սակայն հոն… ոչ մէկը պիտի բնակի:
*
* *
Այս պարապ քաղաքը, որ պիտի կոչուի «Տը սենթըր» (կեդրոնը) պիտի ընդունի միայն գիտնականներ: Ան անոնց կարելիութիւնը պիտի տայ բնական աստիճանի վրայ փորձեր կատարելու ապագայի արհեստագիտութիւններուն վրայ:
Օրինակի համար, անոնք պիտի փորձեն առանց վարորդի ընթացող ինքնաշարժներ, հովի ուժով ուժանիւթ հայթայթող անձնական կառոյցները, տան մէջ գործածուող «խելացի» մեքենաներ, կամ` մինակը մաքրուող բաղնիքներ:
Այս արդիւնքները աւելի ճշգրիտ պիտի ըլլան, քան` համակարգիչի վրայ կատարուած «տեսանելի» փորձերը: Սակայն այս բոլոր իսկական փորձերը բնականաբար շատ աւելի սուղ պիտի արժեն:
ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ…
– Այս կեղծ քաղաքի շինութեան ծախսերը ամբողջովին պիտի հոգան անձնական ընկերութիւններ: Անիկա պիտի կարօտի 1 միլիառ տոլարի:
– Սակայն այս անձնական ընկերութիւնները շատ շուտ շահ պիտի ապահովեն, երբ անոնք քաղաքը վարձու պիտի տան գիտնականներու, տարրալուծարաններու կամ զինուորականներու:
– Այս անձերը հետեւաբար վարձք պիտի վճարեն այդ քաղաքին մէջ փորձեր կատարելու իրենց նոր արհեստագիտութիւններուն վերաբերեալ:
– Նոյն ատեն այս պարապ քաղաքը պիտի ստեղծէ 350 մնայուն աշխատատեղեր եւ 3500 անուղղակի աշխատատեղեր:
– Այս ծրագիրը առիթներ պիտի ստեղծէ գիտնականներուն համար, սակայն նոյն ատեն բողոք եւ դժգոհութիւններ կը յառաջացնէ: Կարգ մը ամերիկացիներ հարց կու տան, թէ նման ծախսալի ծրագիրի մը իրականացումը արդարացուա՞ծ է, երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ, բացայայտօրէն տուն չունեցող 700 հազար անձեր գիշերը ճամբաները կը պառկին:
Ուրիշ Տարրալուծարան
Քաղաք Մը` Սոնտկօ
Հարաւային Քորէայի Մէջ
Բազմաթիւ բնակուած քաղաքներ արդէն կը ծառայեն փորձեր կատարելու եւ ուսումնասիրութեան առարկայ եւ մարդոց կեանքի պայմանները բարելաւելու համար:
Սակայն շատ քիչ քաղաքներ յատկապէս այս նպատակին համար շինուած են: Այս քաղաքներուն մաս կը կազմէ Հարաւային Քորէայի մէջ Սոնտկօ քաղաքը, որուն շինութիւնը պիտի վերջանայ 2014 թուականին: 65 հազար բնակիչներով այս կանաչ քաղաքը պիտի ունենայ պարտէզներ, հեծիկի յատուկ ճամբաներ, ստորերկրեայ հանրային «մաքուր» փոխադրակառքեր եւ ջուրի վրայ բանող թաքսիներ:
Այս քաղաքը շատ «կապուած» պիտի ըլլայ նաեւ աշխարհին հետ: Ծնողներ առիթը պիտի ունենան համացանցով խորհրդակցելու իրենց զաւակներուն ուսուցիչներուն հետ, բժիշկին հետ եւ հարցարաններ լեցնելու տան մէջի տափակ պաստառին վրայ…
Ապագայի քաղա՞քը:
Հարաւային Քորէայի Մէջ,
Եոսուի Միջազգային Ցուցադրութիւնը
12 մայիսէն մինչեւ 12 օգոստոս Հարաւային Քորէայի Եոսու քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ 2012-ի միջազգային ցուցադրութիւնը: Ութ միլիոն այցելուներ կը սպասուին: Հետեւաբար, եթէ ամառնային արձակուրդներուն համար յատուկ ծրագիր մը չունիք, կրնաք ուղղուիլ դէպի հեռաւոր Ասիա:
Միջազգային ցուցադրութիւնը միջազգային ամէնէն մեծ դէպքերէն մէկն է, ինչպէս, օրինակ, Ողիմպիական խաղերը կամ ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Անոր նպատակն է աշխարհի դիմագրաւած խնդիրներուն լուծումներ գտնել:
Բոլոր ցամաքամասերէն մօտաւորապէս հարիւր երկիրներ, միջազգային կազմակերպութիւններ եւ մեծ հաստատութիւններ կը մասնակցին այս դէպքին:
*
* *
2012-ի ցուցադրութեան նիւթն է` «Կենդանի ծովափներու եւ ովկիանոսներու համար»: Այս նիւթը ընտրուած է շեշտելու համար, թէ պէտք է օգտուիլ ովկիանոսներէն` առանց զանոնք փճացնելու, պայքարիլ ծովային ապականումին, կարգ մը անասուններու էակներու անհետացումին եւ ծովու մակարդակին բարձրանալուն դէմ:
Ցուցադրութեան վայրը կազմուած է տարբեր բաժիններէ:
Միջազգային սրահին մէջ կը ներկայացուին իւրաքանչիւր մասնակցող երկրին ցուցանմուշները:
Հարաւային Քորէայի սրահը զերօ բնածխական կազով շինութիւն մըն է: Այսինքն ան չ՛արձակեր բնածխական կազ, որ կլիմայի ջերմացման պատճառ դարձող եւ օդը ապականացնող կազ մըն է:
Ծովափի եռանկիւնին մէջ այցելուները կրնան տեսնել ծովերու ջուրի մակարդակին բարձրացումին հետեւանքները:
Աքուարիոմին մէջ այցելուները կրնան հանդիպիլ շատ հազուագիւտ անասունի տեսակներու, ինչպէս` ճերմակ քաշալոյին, Սիպերիոյ փոկին եւ ծովու վիշապին:
Գիտէի՞ր, թէ Եոնի եւ Սունի ցուցադրութիւնը ներկայացնող երկու կերպարներն են: Անոնց կերպարանքը կը յիշեցնէ փլանքթոնները, որոնք ձուկերուն սնունդի գլխաւոր աղբիւրն են:
Ո՞րն Է Աշխարհի Ամէնէն Հարուստ Երկիրը,
Իսկ Աշխարհի Ամէնէն Աղքատ Երկի՞րը
Աշխարհի ամէնէն աղքատ երկիրը Ափրիկէի մէջ Սիէրրա Լէոնն է, իսկ ամէնէն հարուստը` Միացեալ Նահանգները, եթէ մենք նկատի առնենք անոնց արտադրած հարստութիւնները:
Սակայն այն երկիրը, ուր մարդիկ ամէնէն շատը ուրախ են, Եւրոպայի մէջ Նորվեկիան է: Նորվեկիացիները կը վստահին իրենց դրացիներուն, լաւ դպրոցներ եւ լաւ հիւանդանոցներ ունին:
Ցիւրիխ` 2012-ի Ամէնէն Սուղ Քաղաքը
Կեանքը սղած է գրեթէ ամբողջ աշխարհին մէջ, սակայն յատկապէս` Եւրոպայի մէջ, ըստ տնտեսական վերջին ուսումնասիրութիւններուն: Իսկ 2012-ի ամէնէն սուղ քաղաքին տիտղոսը կը պատկանի Ցիւրիխին, Զուիցերիա, որ առաջին անգամ ըլլալով 10 ամէնէն սուղ երկիրներու այս ցանկին մէջ մուտք կը գործէ, եւ տեղը կ՛առնէ տարիներով այդ տիտղոսը կրող Թոքիօ քաղաքին: Ասոր պատճառը երկրին դրամին` զուիցերիական ֆրանքին արժէքի փոփոխութիւնն է, որ գիները բարձրացուցած է երկրին մէջ:
Այս ուսումնասիրութիւնը տարին երկու անգամ կը կատարուի եւ նկատի կ՛առնէ տարբեր տարրեր, որոնք կ՛ազդեն քաղաքի կեանքին վրայ, ինչպէս` առարկաներուն գինը, սպասարկութիւնները, փոխադրութեան ծախսերը, տնային ապրանքները, դպրոցի թոշակները եւ ուրիշ 160 տարբեր կէտեր:
Անշուշտ ցանկին տասը գլխաւորներուն մաս կը կազմեն դասական, ճանչցուած վայրեր, ինչպէս` Փարիզը:
Ահա` 2012 ամէնէն սուղ տասը քաղաքներուն ցանկը.
1- Ցիւրիխ, 2- Թոքիօ, 3- Ժընեւ, 4- Օսաքա, 5- Օսլօ, 6- Փարիզ, 7- Սիտնի, 8- Մելպուռն, 9- Սինկափուր, 10- Ֆրանքֆորթ:
Ժամանց






