«Էլիս Այլընտ» Շքանշանին Արժանանալուն Առիթով. Լուսարձակ` «Ազգային Ճարտարապետ» Գէորգ Գարաճրճեանի Կոթողային Վաստակին Վրայ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Սփիւռքեան մեր կեանքին մէջ հազուադէպ երեւոյթ չէ, որ հայորդիներ գնահատանքի, պատիւի ու շքանշաններու արժանանան իրենց իրագործումներուն համար: Երբ նման պատիւի արժանացողը նա՛եւ մեր` հայկական հասարակական կեանքին մէջ ունեցած ըլլայ մեծ ներդրում, ծառայութիւն, կատարած ըլլայ ազգայի՛ն իրագործումներ, իւրաքանչիւր հայու կուրծքին տակ ալ հպարտութեան ալիք մը կը բարձրանայ, որովհետեւ հայը ինքզինք բաժնեկից կը զգայ այն ուրախութեան, որ առաջին հերթին մեծարեալինն ու անոր անմիջական հարազատներունն է: Ուրախութեան ու բաժնեկցութեան այս զգացումին աղբիւրը, եթէ փնտռենք, հաւանաբար այն է, որ յետցեղասպանութեան մեր կեանքին մէջ իւրաքանչիւր հայու արձանագրած յաջողութիւն, նուաճում ձեւով մը պատասխան-հակադարձութիւն կը նկատենք բազմատաղանդ մեր ազգին տրուած ծանր հարուածին, զայն կը նկատենք մեր ազգային վերականգնումին ու բարձունքներ նուաճելու երթին մէկ նորագոյն արտայայտութիւնը:

Անհատի հպարտանքէն դէպի հաւաքական գոհունակութիւն տանող նորագոյն արտայայտութիւն մըն է ութ հայորդիներու անուններուն ներկայութիւնը` «Ellis Island Medal of Honor»-ի այս տարուան մրցանակաւորներուն շարքին, պատկառելի թիւ մը` ինքնին, նկատի ունենալով, որ ազգային տարբեր խմբաւորումներէ այս շքանշանին արժանացողներուն թիւը շուրջ հարիւր է: («Ասպարէզ» օրին անդրադարձած էր անոնցմէ երկուքին):

«Ասպետ»-ի մետալի տուչութիւն

Մայիսի երկրորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած շքանշաններու բաշխումին այս պատիւին արժանացող ութ հայորդիներէն կ՛ուզենք առանձնացնել արժանաւոր մը, որ կը կոչուի Գէորգ Գարաճրճեան, ճարտարապետ մը, որուն անունը մեր ժողովուրդին ծանօթ է աւելի քան յիսուն տարիներէ ի վեր. անվհատ գործող մարդ մը, որուն ասպարէզին ու նուաճումներուն մէջ պատկառելի բաժին ունին մեր ազգային հաստատութիւնները` եկեղեցի, դպրոց, ժողովրդային բնակարաններ, յուշակոթողներ եւ մասամբ նորին: Վաստակ մը, որ սկիզբ առած է Լիբանանէն ու աւելի քան քսանհինգ տարիներ առաջ ծաւալած է դէպի Միացեալ Նահանգներ` արձանագրելով անջնջելի մատնահետքեր, որոնք մարմնաւորուած են իր յղացած ու կերտած կոթողական կառոյցներով ու պատկառելի շէնքերով, եւ որոնց մէկ կարեւոր մասը իրեն կը վերապահեն ռահվիրայի դեր:

Նախ նշենք, որ «Ellis Island Medal of Honor»-ը կը շնորհուի ազգային տարբեր խմբաւորումներու պատկանող այնպիսի անհատներու, որոնք բացառիկ յիշատակութեան արժանի ներդրում ունեցած են ամերիկեան կեանքին մէջ, անոնք ըլլան ամերիկածին կամ ներգաղթող. շքանշանակիրի տուչութեան համար, կարեւոր նախապայման կը նկատուի ու կը գնահատուի մեծարեալին ազգային տոհմիկ արմատներուն հաւատարմութիւնը, իր ունեցած նուաճումներուն ու հանրային ծառայութեան ծաւալին կողքին: Այլ խօսքով, Գէորգ Գարաճրճեան մէկն է այն ներգաղթողներէն, որոնք Միացեալ Նահանգներուն նկատառելի ծառայութիւն մատուցած են, սակայն նաեւ իրենք զիրենք կառչած կը պահեն ազգային ժառանգութեանց, մշակոյթին ու այս պարագային` Հայ Կեանքին:

Փրոֆ. Երամեանի հետ

Ըսինք արդէն. վաստակաշատ ճարտարապետը, սեփական ասպարէզի ու նուաճումներու կողքին, կարեւոր տեղ ունի մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ. եթէ աչքի առջեւ ունենանք յատկապէս Լիբանանի մէջ իր իրագործումները, իրաւամբ կրնանք զինք դասել այն մարդոց շարքին, որոնք մաս կը կազմեն մեր ազգային հարստութեան. նման վաստակաւորներ, իրենց գործքով, արժանաւորապէս կը նուաճեն Ազգային Արժէք կոչումը, որ աւելի եւս կը շեշտուի, եթէ նկատի ունենանք, որ Ճարտարապետը կը մնայ համեստ ու լուռ ծառայողներու փաղանգին մէջ, իր մատուցածը չի գերադասեր կամ չի գերագնահատեր, այլ իրեն ուղղուած դրուատիքներու կամ մեծարանքներու առիթով ճակատաբաց կ՛ըսէ. «Ի՞նչ ըրած եմ որ…», իր նուաճումներուն ու իրագործումներուն համար երախտիք կ՛արտայայտէ ուրիշին. իսկ «ուրիշ»-ը իր ծնողներն են, կաթողիկոսներ, ազգային դէմքեր ու տակաւին` մեր ժողովուրդը, իր բազմերես արժանիքներով, յատկանիշներով ու հպարտանքով:

Ամերիկեան այս պատուաբեր շքանշանին արժանանալուն առիթով կ՛արժէ անգամ մը եւս լուսարձակի տակ բերել տաղանդաւոր հայորդիին վաստակն ու մնայուն ներդրումը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Սակայն հարց տանք. կարելի՞ է աւելի քան յիսունհինգ տարիներու հարստութեամբ վաստակ մը սեղմել այս սիւնակներուն մէջ, իրագործումներ, որոնց վրայ հպանցիկ ակնարկ մը անգամ պիտի լեցնէր հատոր մը, մանաւանդ եթէ իրագործումներուն ընկերանան իր յուշերը, որոնք միայն իրեն չեն պատկանիր, այլ մաս կը կազմեն մեր հաւաքականութեան յիշողութեան ու անոր համար ալ ունին իրենց իւրայատուկ արժէքը (կը յուսանք ու կը մաղթենք, որ անոնք լոյս աշխարհ գան առանձին հատորով, որովհետեւ հոն շատ բան պիտի ըլլայ բարացուցական եւ օրինակելի):

Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցին

Գէորգ Գարաճրճեանի կեանքի ուղին բացուած է Հալէպի մէջ, Ցեղասպանութենէն վերապրած ու վերականգնած ընտանիքի մը` Այնթապէն Հալէպ ապաստանած Աբրահամ եւ Արշալոյս Գարաճրճեան ամոլի յարկին տակ: Ընտանիքին միակ անդամը չէ, որ անուն արձանագրած է հասարակական կեանքին մէջ: Հալէպի Կիլիկեան վարժարանէն ու «Ալեփփօ քոլեճ»-էն ստացած ուսումով հարստացած, դիմած է Պէյրութ ու Ամերիկեան համալսարանէն վկայուած է ճարտարապետ-ճարտարագէտ: Աշակերտած է, ապա նաեւ դարձած է սերտ գործակիցը անուանի փրոֆ. Խոսրով Երամեանի, որ նաեւ եղած է ասպարէզին մէջ իր առաջին առաջնորդներէն ու հովանաւորներէն, որովհետեւ երիտասարդ ուսանողին մէջ տեսած է ու վեր հանած` անոր արժանիքները:

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայրավանքը

Շրջանաւարտութենէն կարճ ատեն ետք հրաւիրուած է Անթիլիասի մայրավանքը, երբ գահակալ էր կաթողիկոսութեան նորագոյն պատմութեան մէջ «շինարար» անունը շահած երջանկայիշատակ Խորէն Ա. կաթողիկոսը: Գ. Գարաճրճեան դարձած է վեհափառին «ձեռքերէն մէկը»` մշակելով ու ապա, տարիներու ընթացքին իրագործման ճամբու մէջ դնելով մայրավանքի բարեփոխման ու շինարարական ամբողջական ծրագիր մը (իրագործումը երկարած է աւելի քան 30 տարիներու վրայ): Հանգրուան առ հանգրուան բարեփոխումներ կրած է նոյնինքն մայր տաճարին ներքնամասը, մարմին առած են եպիսկոպոսաց ու վարդապետաց շէնքերը, կաթողիկոսներու ու միաբաններու վերջին հանգստարանը, յարակից շէնքեր: Ի դէպ, «անձնական ասպարէզ»-ին մէջ առաջին նուաճումներէն է եղած Պէյրութի ծովափնեայ առաջին երկնաքերը` «Շել» ընկերութեան կեդրոնական գրասենեակը, որ Լիբանանի մէջ այս տիպի առաջին կառոյցն էր ու երիտասարդ ճարտարապետին անունը արձանագրած է ռահվիրաներու ցանկին:

Ծերերու տուն

Գ. Գարաճրճեան ճարտարապետ-շինարարին ստորագրութիւնը արձանագրուած է բազմաթիւ դպրոցներու եւ ազգային կառոյցներու վրայ: Եթէ արձանագրենք մէկ քանի գլխաւորները, ճաշակ մը տուած կ՛ըլլանք ամբողջին մասին: Իր իրագործումներէն են` Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի, Դարուհի Յակոբեան վարժարանի, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ կից` Ազգ. առաջնորդարանի, Ազգ. ծերանոցին, «Գարակէօզեան» հիմնարկի բարերարութեամբ Ժողովրդային բնակարաններու շէնքերն ու կառոյցները: Յատուկ յիշատակութեան արժանի է Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ 80-ականներու սկիզբը իրականութեան կը հասցնէր տասնամեակներու երազ մը, նախկին համեստ ու սրահային Ս. Աստուածածին եկեղեցին անցընելով պատմութեան (վերածուած թանգարանի), ու Նոր Գիւղին մօտակայ հայաշատ նորակերտ թաղամասին մէջ բարձրացնելով հայկական երկնասլաց գմբէթով նոր կառոյցը:

Աստուածաբանական համալսարանը

Հայկական «նեղ» շրջագիծէն անդին, անոր իրագործումներէն բաժին հանուած են լիբանանեան հայրենիքին, զանազան կառոյցներով, որոնցմէ ամէնէն կոթողականը կարելի է նկատել Աստուածաբանական համալսարանին (NEST) պատկառելի շէնքը, որ այլապէս նախակարապետ մըն է իր տեսակին մէջ լիբանանեան կառոյցներու: (Անցորդ մը անպայման որ պատկառանքի զգացումով կը համակուի, նոյնիսկ եթէ ծանօթ չէ ճարտարապետին անուան…):

Ասպարէզին ճամբով անմիջական իրագործումներուն կողքին, մաս կազմած է մասնագիտական յանձնախումբերու եւ մարմիններու, որոնց շարքին` Ցեղասպանութեան յուշակոթողի, Տէր Զօրի յուշահամալիրի եւ այլ կառոյցներու վերահսկող կամ դատական մարմիններ: Անդամակցած է նաեւ հասարակական մարմիններու, ինչպէս` Ազունիէի ազգ. բուժարանի խնամակալ մարմինին, Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանի խնամակալութեան, Ճոն Կուրճի անուան կրթաթոշակի յանձնախումբին, համալսարանաւարտներու եւ ճարտարագէտներու միութեանց, մասնակցութիւն բերելով պատերազմահար Լիբանանի վերակառուցման աշխատանքներու: Եղած է դասախօս պէյրութեան համալսարանի մը մէջ (BUC): Իսկ այս բոլորը` միայն մէկ բաժինը անոր վաստակին:

Առաջին անգամը չէ, որ Գ. Գարաճրճեան պատիւի ու շքանշանի կ՛արժանանայ: Արդարեւ, մեր հայրապետները տասնամեակներ առաջ գնահատած են իր նուիրումն ու իրագործումները: Խորէն Ա. կաթողիկոսէն շահած է «Ազգային ճարտարապետ» տիտղոսը, յատուկ գնահատանքի արժանացած է երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ (հետագային` Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց), իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ այժմու գահակալը` Արամ Ա. կաթողիկոս զինք արժանացուցած է «Կիլիկեան ասպետ» շքանշանին ու պատիւին` իր ճարտարապետական ու ազգային գործունէութեան 50-րդ տարեդարձին առիթով: Հայրապետական կոնդակ մը շնորհած է նաեւ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը:

Պըրպենքի դպրոցը

Գ. Գարաճրճեանի աշխատանքի կեանքին գրեթէ երկրորդ կէսը կերտուած է նա՛եւ Միացեալ Նահագներու մէջ: 1986-էն ասդին ան հաստատուած է Լոս Անճելըս, հիմնած է իր ճարտարապետական հիմնարկը, որ կարեւոր ու յիշատակելի ներդրում ունեցած է այս շրջանի բարեզարդման ու վերականգնումի կալուածներուն մէջ: Անոր հիմնարկը յատուկ գնահատանքի արժանացած է Նորթրիճի երկրաշարժին աղէտալի հետեւանքներուն դարմանումին իր մասնակցութեան համար, անոր «մատնահետքերը» արձանագրուած են նաեւ Ինկըլվուտի ու Պըրպենքի մէջ` իրեն ապահովելով պետական ու քաղաքապետական գնահատականներ: Իր ներդրումն ու նուիրաբերումը գնահատողներուն շարքին են նախագահ Պուշ, նահանգապետ Շուարցընեկըր, քաղաքապետներ ու պետական այլ անձնաւորութիւններ:

Այս սեղմ նշումներով արդեօք արդարութիւն ըրի՞նք ճարտարապետին կերտած վաստակին. հազիւ թէ… Սակայն մեր նպատակն էր ուրուագծել դիմաստուեր մը, որ ինքնին ըլլար ընդհանուրին մասին պատկեր մը փոխանցող, յիշատակներ թարմացնող, իսկ յետնորդներու համար` ուղեցոյց մը մատնանշող:

Հայկական առածը կ՛ըսէ` «Աշխատանքը կը գեղեցկացնէ ու կ՛ազնուացնէ մարդը»: Պիտի աւելցնէինք` նաեւ կ՛երջանկացնէ վաստակաւորը: Այսօր Գ. Գարաճրճեան անուն ճարտարապետը երջանկութեան բազմաթիւ պատճառներ ունի. իր շարունակուող գործին կողքին, երջանկութեան աղբիւրներ են անոր կինը` Սաթոն, որուն կողակիցի ու արուեստագէտի արժանիքները կարեւոր «յենարան» եղած են շինարար-գործիչին կեանքին կերտումին մէջ: Տակաւին, ամոլը ունի հպարտութեան ու երջանկութեան երեք աղբիւր` երեք զաւակներ, որոնք պտղաբերումը կը կազմեն ընտանիքին ու ճարտարապետին գործին:

Եթէ վաստակը վկայութիւն ու հայելի է անցեալին եւ բեղուն կեանքին, այսօրը յենարանն է գալիք իրագործումներու, որոնք պիտի շարունակուին, վստահաբար, այն խոնարհութեամբ ու համեստութեամբ, որոնք յատկանշած են մարդը…

 

 

Share this Article
CATEGORIES