Նամակ 327
Երեք նամակ… Երեք հրացանակիրներ…
Հրացանակիրներէն մին ես եմ, միւսը` պրն. Լեւոն Մերճանեան, այնթապցի, Հալէպի Կրթասիրաց վարժարանի 1936-ի շրջանաւարտ եւ տակաւին մոլի ընթերցող: Իսկ երրորդը բոլորին անծանօթ պրն. Արտա Չինարն է, որուն նամակը պատմական գլուխ-գործոց մըն է: Ան մէկն է այն բազմահազար հայերէն, որոնք իրենց ինքնութիւնը վերագտած են եւ կը ջանան ապրիլ իբրեւ հայեր, իրենց նախահայրերուն նման:
Այս նամակը կրնանք նկատել նաեւ գրախօսական մը, քանի որ յայտնի է, թէ Արտա Չինար կարդացած է «Նամակներ Պէյրութէն»-ին Բ. հատորը եւ յայտնած` իր անկեղծ կարծիքը, համեստ գրախօսական մը, ինչպէս ընթերցողը պիտի նկատէ, շարունակելի չէ, ինչպէս պէտք է ըլլան գրախօսականները:
Ահաւասիկ` այդ երեք նամակները:
Բարի ընթերցում:
Ա. Յ.
12-6-12
Սիրելի պրն. Լեւոն Մերճանեան,
Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Ս. Ծնունդ. կը մաղթենք, որ Ամանորը մեզի բերէ յաւելեալ առողջութիւն, երջանկութիւն եւ գործոց բարեաց յաջողութիւն:
«Տարի մըն ալ անցաւ երգելով ու պարելով». կ՛երգէինք, երբ մանկապարտէզի աշակերտ էինք: Այս տարի ո՛չ երգեցինք, ո՛չ ալ պարեցինք: Աստուած մեծ է:
Շնորհակալութեամբ ստացած եմ նոյեմբեր 11-ի նամակդ, խիստ հետաքրքրական: Կրթասիրացի յուշեր` շատ եւ բայց պարուրուած` թեթեւ քողով մը, որ չի յստակացներ ամէն բան: Այդ բանաստեղծութիւնը Միսաք Մեծարենցէն է: Ես տակաւին մեր Զ. դասարանէն գիտցած բանաստեղծներէն զատ նոր բանաստեղծի չեմ հանդիպած, նորերուն մեծ մասը ինծի անհաղորդ կը նկատեմ: «Քէօսէ» Լեւոնը դարձեալ յիշեցի: Թեւին տակ «Ազդակ» եւ «Արեւելք» թերթերով կը շրջէր Նոր Գիւղի թաղերը եւ թերթերը կը ցրուէր:
Ռ. Հատտէճեանի գրքոյկին հետ ղրկած էի նաեւ Զապէլ Եսայեանի մասին Տի.Վի.Տի. մը – Չէ՞ք ստացած արդեօք: Նոյն պահարանին մէջ էր: Եթէ չէք ստացած, ուրիշ մը կը ղրկեմ:
Մենք լաւ ենք, որքան որ կրնանք եւ լաւ կը զգանք: Բժիշկներու հետ բազմաթիւ յարաբերութիւններ ունիմ եւ դեռ ինձմէ չեն ձանձրացած: Ալլահ քերիմ:
Բարեւներ ձեր բոլոր ընտանեկան պարագաներուն, լաւագոյն մաղթանքներով:
Սիրով`
ԱՐՄԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Պէյրութ, դեկտեմբեր 25, 2011
***
Սիրելի եւ յարգելի Արմէն,
Պէյրութ
Նախ կու գամ հարցնելու ձեր եւ տիկնոջ որպիսութիւնը:
Ներփակ նամակը պոլսահայ Արտա Չինարին նամակն է, որ ինծի ղրկած էիր նախորդ տարի:
Շատ սիրեցի նամակին բովանդակութիւնը. երիտասարդ մը, որ իր արմատները կը փնտռէ եւ սորվիլ կ՛ուզէ իր նախնիներուն մշակոյթը…
Ձեզմէ եկած նամակը կարդալէն ետք «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին ղրկեցի, որ եթէ պատշաճ է, արտատպէ: Եւ այսօր իր թիւ 24-ին մէջ (մայիս 17) տպուած է նոյն նամակը: Ժամանակ մը ըսած էինք` «Մէկ աշակերտ մէկ ոսկիով» կը փնտռուէր, հիմա ոսկիներ տալու հարկ չկայ, «Նամակներ Պէյրութէն» գիրքերդ կարդացողը կը վերադառնայ իր արմատներուն…
Շնորհիւ «Նամակներ Պէյրութէն» գիրքերուն` ամբողջ ընտանիք մը իր արմատներուն կը վերադառնայ եւ իր 3 տարեկան Արտէնը հայերէնէ զատ ուրիշ լեզու չի հասկնար եւ ինք` հայրը Պոլսոյ Սուրբ Գրիգոր եկեղեցւոյ խորհուրդի անդամ կ՛ընտրուի: Ժամանակին Կրթասիրաց դպրոցին տեսչարանին պատին վրայ կար նշանաբան մը, որ կ՛ըսէր. «ՄԱՆՈՒԿ ՄԸ ԿՐԹԵԼ` ԱԶԳ ՄԸ ԿՐԹԵԼ Է»:
Սիրով`
ԼԵՒՈՆ
Մայիս 27-2012 Պէքմոնթ
***
Յարգելի տիար Յարութիւնեան,
Ես, 35 տարեկան, պոլսահայ Արտա Չընար, կը բարեւեմ ձեզ յարգանքով: Յաճախած եմ Տատեան նախակրթարանը, ապա շարունակած եմ ուսումս սեփական քոլեճէ մը ներս: Շատ հեռու մնացած եմ մայրենի լեզուէս, մինչեւ 32 տարեկանս:
2009 թուականին գտայ իմ ինքնութիւնս: Յիշեցի իմ հայութիւնս, մեր արժէքները: Որոշեցի սորվիլ հայերէն, զգալ իմ ազգասիրութիւնս եւ որոշեցի նոր ծնած զաւակս մեծցնել հայկական արժէքներով:
Որպէս առաջին քայլ` սկսայ մեր «Մարմարա» եւ «Ժամանակ» օրաթերթերը ստանալ եւ կարդալ: Աստուա՛ծ իմ, որքա՜ն դժուար էր կարդալն ու հասկնալը առաջին օրերը եւ շաբաթները: Շատ յուզիչ էր, որ մայրենի լեզուս չէի կրնար հասկնալ: Այս վիճակը խարազան մը եղաւ ինծի համար եւ աւելի ջանալով` շարունակեցի ամէն օր կարդալ թերթերը, սեղանին վրայ պահելով բառարան մը:
2010-ին հանդիպեցայ ձեր անունին «Մարմարա»ի էջերուն մէջ. «Նամակներ Պէյրութէն» հատորներու մասին լուր մըն էր: Այն վայրկեանին որոշեցի, թերթ կարդալով միատեղ, սկսիլ հայերէն գիրքեր ալ կարդալ:
Ֆէյսպուքի միջոցով որոշած էի աշխարհասփիւռ հայերու հետ յարաբերութիւններ հաստատել: Կապ պահեցի պէյրութահայ ընկերուհիիս` Ռիթա Սարաֆեանին հետ, որ վայրկեան մը անգամ մեզ չէր ձգած մեր Պէյրութ գտնուած օրերուն: Յաջողեցայ անոր միջոցով գտնել եւ ստանալ ձեր երկու հատորները: Ես ալ համաձայն եմ մեր վարպետ գրագէտներուն հետ, թէ շատ կարեւոր է ձեր այս գործը եւ իմ կարգիս պէտք է ըսեմ, որ ձեր ոճը եւ գրելու ձեւը շատ լաւ է: Չեմ յիշեր` քանի՜ անգամ ժպտած եմ ձեր նամակներու բովանդակութեան, մանաւանդ ձեր ծննդավայրի եւ Այնթապի հին օրերուն գեղեցիկ ըսելիքներով զարդարուած բաժիններուն: Կ՛աւելցնեմ, որ շատ ջանացի այդ երկու շուտասելուկները գոց սորվիլ եւ անսխալ ըսել` «Ձուկ-մուկ» եւ «Պարտէզի տանձի ծառերը»:
Պարոն Արմէն, շատ նոր բաներ սորվեցայ ձեր գիրքերէն: Պարզ օրինակ մը. «զըլղըթ» բառին հայերէն արմատ ունենալը, Այնթապի հայրենասէրներուն հայրենիքի մէջ կառուցած ժանեակի գործարանի տխուր դէպքը եւ այլն:
Ես ալ շատ կարեւոր կը նկատեմ սփիւռքի մէկ մարմին, մէկ ձայն ըլլալու մտածումը, նոյնպէս մեր օտար վարժարաններ գացող հայ աշակերտներու մասին ձեր առաջարկած «մէկ ոսկի, մէկ աշակերտ» որսորդութիւնը` յատուկ պահեր կարգադրել մեր դպրոցներէն ներս հայ պատմութեան եւ հայերէնի ընթերցումի համար:
Ձեր քանի մը նամակներուն մէջ, օրինակ, «Նամակ թիւ 176», ի պատիւ պոլսահայերուն գովելի բաներ գրած էք: Ես հպարտ զգացի. շնորհակալ եմ: Իրօք ես ալ նշմարեցի, թէ պէյրութահայութիւնը ինչո՛ւ չէ խորհած հայկական հիւանդանոց մը հիմնելու մասին:
Եթէ մինչեւ հոս կարդացիք նամակս, որ ուղղագրական սխալներով լեցուն է կարծեմ` շատ երախտապարտ պիտի զգամ ձեր համբերութեան համար: Ընդունեցէք իմ սխալներս, որոնք հայերէն նոր սկսած սորվելու աշակերտի մը բնական սխալներն են:
2009-էն սկսեալ կը շարունակեմ կարդալ եւ զարգացնել հայերէնս: Կը ջանամ աշխատիլ համայնքիս համար: Այս տարի մեր Քնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամ ընտրուեցայ եւ լաւ առիթ մը գտայ ազգիս ծառայելու:
3 տարեկան տղայ մը ունիմ` Արտէն Չընար. ձեռքերդ կը համբուրէ: Իր մայրենիէն ուրիշ լեզուով մէկ բառ անգամ չի հասկնար: Կնոջս` Մեղրանուշին հետ ամէնէն կարեւոր գործը ընդունած ենք մեր զաւակը հայկական շունչով դաստիարակելու համար: Կը հաւատանք, որ հայապահպանութեան համար ամէնէն կարեւոր դերը մեր ընտանիքները ունին:
Ես 2010-ի Ս. Ծնունդին եկած էի Պէյրութ, կնոջս հետ եւ շատ սիրեցի ձեր քաղաքը: Կը յուսամ, թէ Ամենակալ Տէրը առիթ մը կու տայ օր մը կրկին այցելել ձեր քաղաքը եւ տեսնել ձեզ:
Պարոն Արմէն, ձեզմէ խնդրանք մը ունիմ. գիտեմ, թէ ձեր գիրքերէն կը բաժնէք ձրիաբար, որպէսզի ընթերցողները շատնան մեր համայնքէն ներս: Եթէ կարելի է, ես ալ կ՛ուզեմ ձեր մատենաշարէն նոր հայերէն գիրքեր ստանալ եւ կարդալ:
Կրկին շնորհաւորութիւն եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի: Կը մաղթեմ ձեզի` առողջութիւն եւ արեւշատութիւն:
Յարգանքով,
ԱՐՏԱ ՉԸՆԱՐԵԱՆ
Յ. Գ.- Ես Սեբաստացի Զառա աւանէն եմ:
Դեկտեմբեր 12, 2011
Պոլիս

