Նորընծաները. Խորհրդածութիւններ` Վեց Աբեղաներու Օծման Առիթով

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Հայաստանեայց եկեղեցին նորազարդ ծաղկում մը ապրեցաւ ժողովուրդով միասին, կիրակի, 17 յունիս 2012-ին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան շարքերը հարստացան նոր օծեալներով:

Թեթեւ տրամադրութիւններու հետամուտ մեր աղմկոտ շրջապատին մէջ ծաղկած վեց երիտասարդներ` Զոհրապ Աշըգեան, Սամուէլ Լախոյեան, Յարութիւն Շերնեզեան, Յարութիւն Շխըրտըմեան, Միքայէլ Սարգիսեան եւ Գէորգ Սապունճեան ուխտեցին հրաժարիլ աշխարհիկ վաղանցուկ հաճոյքներէ, ծառայելու եւ ծաղկեցնելու Հայաստանեայց եկեղեցին: Հազարամեակներու պատմութիւն եւ վսեմ առաքելութիւն ունեցած մեր սուրբ եկեղեցին դիմադրած է դարերու դաւերուն, հասած ենք մինչեւ Լիբանանի այս ափերը, ուր կը շարունակուի երթը դէպի ապագայ` մեր լաւ դաստիարակուած զաւակներով, ազգային եւ հոգեւոր արժէքներու տիրութիւն կատարելու ամենայն հաւատարմութեամբ:

Ներկայիս մարդկութիւնը կ՛ապրի տուայտանքով, աշխարհայնացում կոչուած ախտավարակ մթնոլորտին իբրեւ հետեւորդ: Այս յստակ կացութեան դիմաց ունինք դասը այն շնորհալիներուն, որոնք գիտցած են, հասկցած են զանազանել որոմը ցորենէն, պայծառատես հոգեբանութեամբ իրենց ականջները խցած են դրսեկ բոլոր խախտումներու, ապազգայնացնող շարժումներու: Օրինակելի այս ուխտագնացները մեր իրականութեան կու տան դասը` պահպանելու հայոց արժէքները, մշակութային ու հոգեւոր գանձերը, անոնք կ՛ըսեն մեզի` հեռո՛ւ մնացէք թեթեւսոլիկ բարքերէ, մի՛ ընդօրինակէք օտարին ոչինչը, այլ հաւատացէք ձեր ազգային հարստութեան, որ չի փճանար սին ու անարմատ երեւոյթներէ: Անոնք սորված են պատգամները մեր սրբազան հայրերուն` Գրիգոր Լուսաւորիչէն մինչեւ Մեսրոպ Մաշտոց, մինչեւ Նարեկացի ու Կոմիտաս, մինչեւ նոր օրերու մեր վեհափառ հայրերուն հովանաւորութեամբ զօրացած: Արդարեւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսի ամէնօրեայ գուրգուրանքին եւ հսկողութեան ներքեւ նորազարդ ու նորազարթ այս երիտասարդները լաւ գիտեն իրենց որդեգրած ուղղութիւնը, որ կը տանի, որ կ՛առաջնորդէ դէպի «Աղբիւրը լոյսի»: Մեր վանքերը հնադարեան, մեր հայրապետները աղօթասաց միշտ հետեւած են մեր նորագոյն սերունդին ճանապարհորդութեան` հասնելու համար իրաւին, կենսականին, ճշմարիտին: Անոնք սերտած ու սորված են «Ես եմ կեանքն ու ճշմարտութիւնը» պատգամած Նազովրեցիին, քաջաբար դիմադրած են սուտին ու կեղծիքին, շռայլին ու սնամէջին, սերտած են Տաթեւացին, Մանդակունին, Մեծն Ներսէսի մեծութիւնը, ուր կը յայտնուին աստուածային փառաւոր հրաշալիքներ, որոնցմով պահպանուած են բարքերն ու փառքերը հայոց:

Նորօրեայ մեր վեց աբեղաները, աւարտելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ընծայարանի ընթացքը, այսօր մկրտուած են իբրեւ նոր մարդ ու նոր տիպար` Տաճատ, Զարեհ, Պարոյր, Նշան, Գարեգին եւ Սմբատ հայր-անուններով: Արդարեւ,  հոգելոյս անուններ, մօտիկ անցեալին մեր եկեղեցւոյ մէջ ծառայած սրբազան հայրեր, որոնք կը յիշուին այսօր իրենց ներդրումով, ազգային-եկեղեցական մեր կեանքը հունաւորող նուիրուածութեամբ:

Ուր որ դառնանք, կը լսենք «Կեանքը փոխուած է» խօսքը: Թերեւս իրականութիւն մը ըլլայ այս շատերուն համար, որովհետեւ զանգուածը միշտ կը հետեւի ընդօրինակելու ոչնչամտութեամբ: Փոքրամասնութիւն նկատուած ԴԱՍՆ է, որ կ՛առաջնորդէ մեզ: Այս է հիմնականը, անհրաժեշտը եւ հզօրը: Մարդկային կեանքը խոտի կամ թիթեռի վերածողները նկատի չեն առնուիր, կը կորսուին անհետ:

Հաւատացեալ ժողովուրդը ցնծութեամբ լեցուեցաւ, ունեցաւ հոգեկան խանդավառութիւն, որովհետեւ դիւրին չէ տեսնել մէկ շարքի վրայ վեց ուխտեալներ` անբարոյականութեամբ յղփացած մեր օրերուն:

Կորստականը եւ մնայունը կը հաստատենք այս գեղեցիկ ու փայլուն պատկերին դիմաց: Երիտասարդ այս եկեղեցականները պիտի մնան մեր ժողովուրդին մէջ` հաստատելու համար, թէ արժէքները չեն տժգունիր, փոփոխամիտներն են, որ կը հեռանան մայր փարախէն` արածելու համար օտար դաշտերու մէջ, ուր անպայման կը հանդիպին մահացու թունաւոր խոտերու:

Մե՛նք ենք ու մեր վանքերը: Մե՛նք ենք ու մեր եկեղեցին: Ուրիշ ճամբայ չունի հայ ժողովուրդը: «Եթէ տիրել ենք, գիրքերով միայն»: Մեր գիրքերը եղած են սուրբգրային էջերէն քաղուած իմաստութիւններ, որոնցմէ քայլ մը չենք հեռացած:

Կը շնորհաւորենք նորօծեալ մեր աբեղաները, բարի ճանապարհ, եւ ըլլան արժանաւոր յաջորդները մեր Հաւատոյ Հօր` Գրիգոր Լուսաւորիչի:

 

Share this Article
CATEGORIES