Անդրանիկ Պաղտասարեանի Մահուան 20-Ամեակին Առիթով. Լռակեաց Ուխտաւորը

Խոկումի թէ յիշատակներ գրգռելու պահուն, երբ փորձ կը կատարենք մեր մտքի պաստառին վրայ վերակենդանացնել սերունդի մը կենդանագիրը, հասկնալ ուզենք անոր անցած կեանքի ուղին, քարքարուտ ճանապարհն ու արձանագրած յաջողութիւնները, ապա, յստակ կը դառնայ իրողութիւն մը միանգամայն, որ նոյնիսկ յետ եղեռնեան սերունդի մը ժառանգորդները` ապրելով ու ճաշակելով հանդերձ գոյութենական պայքարի ամէնէն դաժան ու խիստ օրերը, դարձան հետագայ սերունդներու ապաւէնն ու ներշնչման աղբիւրը:

Արդար է ըսել նաեւ, թէ տուեալ սերունդին մէջ գտնուեցան անհատներ, որոնք իրենց անհատականութեամբ զանազանուեցան իրենց շրջապատէն, այլապէս արժեւորելով իրենց կազմաւորումն ու ստացած դաստիարակութիւնը: Նմանները յատկանշուեցան ծառայասիրութեամբ, ժողովուրդին նուիրուելու պատրաստակամութեամբ ու մանաւանդ` գաղափարական իրենց հաւատարմութեան մէջ անյողդողդ մնալով` համեստ ուխտաւորի տիպականութեամբ:

Յիրաւի, այդ սերունդի հարազատ զաւակն է եղած Անդրանիկ Պաղտասարեան (Քապոյ Անդրանիկ), որուն կեանքին ու գործունէութեան ծիրը եղաւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, տասնամեակներ շարունակ:

Քսան տարիներ առաջ իր մահկանացուն կը կնքէր դաշնակցական մը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրաբերած էր լիբանանահայ գաղութի բարօրութեան, անվտանգութեան պահպանման, սերունդներու դաստիարակութեան, դաշնակցական արժէքներու պայծառացման եւ իր կարգին դարձած էր համեստ ու խոնարհ զինուորագրեալը Հայ դատի նուիրական աշխատանքներուն:

Եթէ երբեք պիտի ուզենք սեւով ճերմակին յանձնել նման խրոխտ տիպարներու գործունէութեան ամբողջական պատկերը, ատիկա արդէն դժուարին մարտահրաւէր մըն է ինքնին, որովհետեւ Անդրանիկի կեանքն ու գործունէութեան ծիրը ո՛չ սահմանափակում ունէր, ո՛չ ալ ժամանակի տեւողութիւն: Ան իր ստանծնած կուսակցական պարտականութիւններուն ընդմէջէն գրեթէ ամէն տեղ էր` հասանելի եւ ներդրումի կարօտ վայրերու մէջ յատկապէս:

Այլ խօսքով, Անդրանիկի գործունէութեան ուրուագիծը դեռ կ՛երկարի մինչեւ յիսունական թուականներ, երբ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը կը գտնուէին քաղաքական ու ապահովական դժուարին կացութիւններու դէմ յանդիման: Այդ ստեղծուած ու պարտադրուած անդոհանքներու դէմ թիավարելու կոչուած էին այդ սերունդի գաղափարական տղաքը, պաշտպանելու համար հայութիւնն ու գաղութը, դիմակայելով սարքուած որոգայթներն ու ոտնձգութիւնները:

Իրօք, դաշնակցական ղեկավարներու (Դրօ, Ռուբէն, Կարօ Սասունի, Սիմոն Վրացեան եւ բազում ուրիշներու) շունչով հասակ առած Անդրանիկ Պաղտասարեանի կազմաւորումն ու նկարագրային գիծերը` արդէն իրենց կարգին պիտի դառնային հետագայ սերունդներու ներշնչման աղբիւրը:

Փաստօրէն, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պայթումով` Անդրանիկի ու անոր սերնդակից նուիրեալներ արդէն կազմ ու պատրաստ պիտի ըլլային ստանձնելու այնպիսի պարտաւորութիւններ, պիտի ցուցաբերէին դաշնակցականի այնպիսի  քաջութիւն, յանդգնութիւն, որոնցմով կարելի ըլլար դիմակայել եւ ի հարկին դէմ դնելու ամէն տեսակ վտանգի ոտնձգութեան` կարելի եղածին չափ նուազագոյնի հասցնելով հայութեան դէմ ցցուած ամէն դժուարութիւն եւ հաւանական  ողբերգութիւն:

Այդ օրերու արհաւիրքի ու եղբայրասպան պատերազմի օրերը պահ մը վերյիշելէ ետք, մտածել է պէտք, որ, ի՞նչ պիտի ըլլար Լիբանանի հայութեան ճակատագիրը, եթէ երբեք Անդրանիկ ու իրեն սերնդակիցներ մահն ու սպառնալիքները չդիմագրաւէին ճակատէն եւ կամ մատնուէին խարխափումի եւ խուճապի`  ժողովուրդը ձգելով իր ճակատագիրին յանձնուած:

Ընդգծում մը:

Թէ ինչո՛ւ առհասարակ կը շեշտուին մօտիկ անցեալի պատմական իրողութիւններ, պարզապէս ընդգծելու համար, որ Անդրանիկ Պաղտասարեաններ ու անոր սերնդակիցներ ստեղծեցին այն միջավայրն ու մթնոլորտը, ուր դաշնակցական արժանիքներ ու աւանդութիւններ վերայայտնուեցան, կամքի ու կորովի ունակութիւններ պայծառացան, ժողովրդանուէրի եւ հայրենասէրի զգացողութիւններ վերաբորբոքեցան, եւ այս բոլորի հասարակ յայտարարը եղաւ այն, որ Անդրանիկ Պաղտասարեանի նման խոնարհ հերոսներու իւրովի դիմագիծն ու ապրելու եղանակը ստեղծեց իր դպրոցը ու ունեցաւ հետեւորդները:

Յայտնապէս չի բաւեր յիշել Անդրանիկի կուսակցական կեանքի գործունէութիւնը ու անցնիլ այդպէս: Ան իր արտաքուստ համեստութեամբ եւ ներաշխարհի հզօրութեամբ, անխախտ հաւատքով եւ լռակեացի ոգեկան բարձրութեամբ իրեն հետ կը կրէր եզակի անհատի ու կեցուածքի մը բոլոր յատկանիշները:

Բացարձակ ժառանգորդն էր Ռոստոմեան տիպարի այն յատկանիշին, ուր թէեւ «Ռոստոմն էր բոլոր գործերու ետին կանգնողը, սակայն չկար ան, այլ կը յիշուէր սոսկ անոր անունը»:

Անդրանիկի կեանքի հանգրուանները բնորոշ էին իր շրջապատին: Ան ամէն տեղ էր ու տարբեր պարտաւորութիւններու մէջ հաստատուն եւ հետեւողական: Ան թէեւ բարձր կրթութեան տէր անհատ մը չէր, ոչ ալ ասպարէզի առումով հռչակի տիրացած, սակայն, բոլորին մօտ խորապէս դրոշմուած էր  անոր բարձր գիտակցութիւնն ու կամքի ուժականութիւնը` տարբեր տիպի գործեր վարելու իր ունակութեամբ:

Ան ո՛չ միայն համոզումի եւ անխախտ ապրելակերպի էր վերածած դաշնակցական անպարագծելի արժանիքներ, այլեւ խնդութեամբ եւ հաւատամքի հզօրութեամբ կ՛ապրէր այդ բոլորը` առհասարակ իր անմիջական շրջապատին օրինակ դառնալու մտասեւեռումով:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի նորահաս սերունդին համար թէեւ հազուադէպ էին առիթները Անդրանիկ Պաղտասարեանի  հետ նստելու եւ զրուցելու, սակայն այդ քիչ պատեհութիւններն անգամ վարակիչ էին եւ տոչորուն: Տարուիշի իր կենցաղին առընթեր, ունէր հեզահամբոյր եւ խոհուն ժպիտ մը, զոր չէր թաքցներ իր զրուցակիցներէն: Կը պատահէր, որ զուարթախոհի եւ կատակասէրի իր  ինքնութեան ծալքերուն ականատես ըլլային շատեր, նկատէին մարդկային գիծերը, որոնք միշտ ալ թաքուն  էին պահուած մեզմէ շատերէ:

Միանշանակ հասկացողութիւն մը ունէր ան` ապրի՛լ հայօրէն եւ գործել դաշնակցականօրէն: Իրեն համար անսակարկելի էին իր պաշտելի կուսակցութեան մէն մի սրբութիւն: Ոչ ոքի իրաւունքն էր խծբծել եւ կամ աժան վերագրումներու ենթարկել այն, ինչ որ կը պատկանէր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան:

Անդրանիկ Պաղտասարեանի համար գերազանց սրբութիւններ էին դաշնակցական կարգ մը արժանիքներ` հայրենապաշտութիւն, գաղտնապահութիւն, հաւատարմութիւն եւ արիութիւն: Ասոնցմէ որեւէ զիջում` համազօր էր դաւաճանութեան եւ իր կողմէ դատապարտումի:

Ամէնուրեք տիրական իր ներկայութեամբ խորքին մէջ ուժ, կորով եւ ինքնավստահութիւն ներշնչող էր: Անվախ հերոսի իր կերպարով` մտքէն ու ներաշխարհէն վանած էր փառասիրական ամէն միտում, հաճոյակատարութիւն, ինքնագոհ արտայայտութիւն, ցուցամոլ վարքագիծ, աժան ու անտեղի վարուելակերպ եւ ուխտաւորն էր դարձած իր պաշտելի ժողովուրդին ու կուսակցութեան:

Պէտք է ըսել նաեւ, թէ զրոյցներու ընթացքին թէեւ յամառ էր իր պնդումներուն  եւ բացատրութիւններուն մէջ, ծայրայեղ աւանդապահ ու անզիջող` կուսակցական գաղափարական ու նիւթական արժէքներու նկատմամբ, այդուհանդերձ,  ամենայն հեզութեամբ մտիկ կ՛ընէր  երիտասարդներու յայտնած շատ անգամ խանդավառ ու կայտառ արտայայտութիւններուն, կը փորձէր հասկնալ այսպէս ասած յեղափոխաշունչ անոնց տրամադրութիւնները եւ խոհուն հայեացքներու ներքեւ տեղտեղ ըմբռնելի դարձնել երիտասարդական ամէն մտածում:

Հաստատում մը:

Շատ անգամ, երբ նման տիպարներ իրենց գաղափարական տոկունութեամբ եւ ազգանուէր վարքագիծով մեզի մտածել կու տան, որ գաղութահայ կեանքի մէն մի դրուագ եթէ ուզենք սեփականութիւնը դարձնել հետագայ սերունդներու, ապա անվարան եւ առանց երկմտանքի կը շեշտենք, որ Անդրանիկ Պաղտասարեանի նման հայորդիներու ժառանգը պէտք է որ դառնայ պատուանդան եւ հոգեկան կազմաւորումի տաճար:

Փաստօրէն, անոնք չտեսան իրենց հայրենիքն ու անոր անկախութիւնը, բայց անհուն սիրով եւ ազնուաբար գործեցին Արարատին համար:

Տոգորուեցան եւ նուիրաբերեցին յանուն Հայ դատին ու կորուսեալ հայրենիքի վերատիրացման: Իրենց դաւանանքին մէջ մնացին դաշնակցական ու կենդանի գործով ցոյց տուին ֆետայիի, ազատամարտիկի ու վրիժառուի տիպականութիւն` իրենց կարգին դառնալով աւելի քան հարիւրքսանամեայ դաշնակցական աշխարհահայեացքի պաշտպանութեան ու պահպանման ուխտաւորը, միշտ անծանօթ, յաճախ լռակեաց ու առյաւէտ գաղափարախօս:

Բաւարար է ըսել, որ Անդրանիկ Պաղտասարեան եղաւ այն համեստ անհատը, որ կրցաւ իր հոգիի տոկունութեան շնորհիւ կառուցել իր գաղափարական տաճարը, գործել անոր մէջ եւ հետագայ սերունդներու ժառանգել դաշնակցական արժանիքներու ամէնէն վաւերական ուսմունքը, այո՛, դպրոցը:

Մեր կարգին պարտաւոր ենք լոյսին բերել անոր կեանքին ու գործունէութեան առնչուող ամէն յիշատակ, պատմութիւն թէ ապրուած սխրանք եւ այս բոլորը յանձնել յաջորդող սերունդներու հայեցողութեան` իբրեւ կտակ ու ներշնչման աղբիւր:

Յարգա՛նք անոր յիշատակին:

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES