Գէորգ Գարապոյաճեանի Մահուան Առաջին Տարելիցին Առիթով. Ինքնատիպ Մարդը Յիշելով
Վերջին անգամ երբ հանդիպեցանք, քու իսկ ձեռքով պատրաստուած ձեռային բազմահնար գործերովդ պատէ պատ զարդարուած տանդ մէջ, մօտալուտ թաղմանդ կարգադրութիւններն է, որ կ՛ընէիր զարմանալիօրէն խաղաղաշունչ ու, տարօրինակ չհնչէ, խոհականօրէն զուարթ տրամադրութեամբ մը: «Կեանքը հին հռոմէական ճանապարհին»-ի մէջ կարդացեր եմ Վահան Թոթովենցի հօր պարագան, որ մահուընէ առաջ իր իսկ թաղման կարգադրութիւնները կատարած է, բայց մտածեր եմ, որ գրուածը իրականութենէ շատ հեռու, զուտ գրականութիւն է, եւ չէի պատկերացներ երբեւէ, որ իր մօտալուտ վախճանը զգօն կերպով պատկերացնող մը կրնայ «սառնասրտօրէն» իսկապէս նախատեսել ու տնօրինել անցաւոր կեանքէն իր բաժանումի պահուն կարեւոր մանրամասնութիւնները:
Նման բան կրցար ընել թերեւս անոր համար, որ գիտակցական կեանքդ պարզ ու համեստ ապրեցար: Հակառակ տնօրէնի պաշտօն ունենալուդ` փառասիրութիւններու անիմաստութեան գիտակցեցար: Գիտելիքդ եւ փորձառութիւններդ բոլորին փոխանցելու ամէնօրեայ ապրումով ապրեցար: Շրջապատիդ մէջ բարի ու առաքինի մարդու համբաւի մը տիրացար: Ծառայութեան դաշտդ երբեւէ ի պաշտօնէ չեղաւ, այլ ներքին անուշ ու բնական մղումի մը մշտանորոգ դրսեւորումէն մեկնեցաւ: Համայնքային պատկանելիութիւն ու պարտականութիւններ ունեցար, սակայն բոլորի՛ն ծառայեցիր, սիրուեցար ու յարգուեցար բոլորէն: Մարդիկը գնահատելու ինքնուրոյն կերպ մը ունեցար: Մահուան սնարիդ մէջ իսկ քեզի հրաժեշտ տալու եկող բարեկամներուդ իւրաքանչիւրին հասցուցիր ըսել գնահատանքի ու մաղթանքներու քանի մը խօսք` միշտ քեզի՛ յատուկ կատակներով:
Ծառայութիւններուդ դաշտը ընդարձակ եղաւ: Համայնքային կեանքիդ մէջ ստանձնած պարտականութիւններէդ մինչեւ ՔԱՀԼ-ի տնօրէնութիւնը, որ ձեռնհասօրէն վարեցիր 23 յաջորդական տարիներ, այնտեղ բանալով նաեւ այր պատսպարեալներու բաժինը, ինչպէս նաեւ` հեռատեսօրէն հետամուտ ըլլալով յետ մահու քու անունովդ կոչուող հիմնադրամի մը ուռճացման աշխատանքին, եւ ՀՄԸՄ-ի աթլեթի վարչութեան մէջ կատարած կազմակերպական աշխատանքներէդ մինչեւ հայ ընտանիքի տիպար ամուսին, հայր ու մեծ հայր ըլլալուդ վրայ երկարող կեանքիդ ամբողջական շղթան լի եղաւ կենցաղային, կազմակերպական թէ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին առթած զանազան դժուարութիւններով: Սակայն այդ բոլորը յաղթահարեցիր հեռատես ու կազմակերպուած մարդու մը կերպարին ընդմէջէն: Աստուածաբանական կրթութեամբ խոհափիլիսոփայական զուարթ խորքով մարդ մը եղար միշտ ու բարութիւն եւ լաւատեսութիւն ներշնչեցիր ամէնուրեք:
Պատահական չէ, որ գեղարուեստի ինքնուս, բայց ուշագրաւ շունչով մը լուսանկարեցիր ու յետ ցուցադրութեանց` ի նպաստ Ազգային ծերանոցի ֆոնտին հրատարակեցիր «Բնութեան գործերը» եռահատոր լուսանկարչական ալպոմները, ուր տեսած ու անմահացուցած ես այնպիսի՛ կերպարներ, որոնք ուրիշներ չեն նկատեր:
Ուշագրաւ հրատարակութիւն մը եղաւ Օմար Խայեամի քառեակներու գեղագիր ընդօրինակումն ու իւրաքանչիւրին պատկերային ձեռագիր արտայայտութեան նուիրուած հատորդ: Իսկ այս բոլորին առընթեր, Աստուածաշունչի «Գիրք ժողովողի»-ի գեղագիր ընդօրինակութիւնդ ու հրատարակումդ մարդու ապրած ժամանակը ստեղծագործ ու լաւ բաներով լեցնող մարդու օրինակելի կերպարիդ մասին վկայութիւն կու տան:
Ձեռագործ աշխատանքի նկատմամբ ամբողջական սէրդ ու նուիրումդ ծնունդ տուին բազմաթիւ գրաւիչ եւ իրենց տեսակին մէջ եզակի գործերու, որոնք տունդ վերածեցին իւրօրինակ տուն-թանգարանի մը:
Եւ դեռ աւելի՛ն. բարոյագիր-հրապարակագիրի կերպար մը ստեղծեցիր մեր հրապարակագրութեան մէջ` 23 տարիներու վրայ երկարող իւրաքանչիւր «ՔԱՀԼ-ի Տեղեկատու»-ի մէջ առաջնորդող յօդուած մը ստորագրելով: Միշտ ալ գտար նոր ըսելիք մը եւ զայն ըսիր գրաւիչ կերպով մը ու այսպիսով հաւաքուած եղաւ գրութիւններու շարք մը, որուն ընտրանիին հրատարակումը օգտակար նախաձեռնութիւն մը կրնայ ըլլալ անպայման:
Իսկ հիմա, մահէդ մէկ տարի ետք, ընտանեկան պարագաներդ, բարեկամներդ ու գործակիցներդ քեզ կը յիշեն մնայուն նոյն սիրով, կարօտով ու ժպիտով:
ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

