Էն. Պի. Էյ. – Մայեմի Հիթ Տիրացաւ Տիտղոսին. Ճէյմս` Աւարտականի Մրցումներուն Լաւագոյն Մարզիկը
Երէկ` ուրբաթ, 22 յունիսին աւարտեցաւ Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն հինգերորդ ճակատումը` Մայեմի Հիթի եւ Օքլահոմա Սիթիի միջեւ:
Հիթ 121-106 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ եւ 4-1 արդիւնքով յառաջանալէ ետք իր մրցակիցին վրայ, տիրացաւ տիտղոսին:
Իսկ Լեպրըն Ճէյմս ճանչցուեցաւ աւարտական մրցումներուն լաւագոյն մարզիկը եւ ստացաւ իր տիտղոսը: 27 տարեկան Ճէյմս երէկուան այս մրցումին նշանակեց 26 կէտ, իսկ ռիպաունտ եւ 13 էսիսթ:
Նշենք, որ ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով կը տիրանար լաւագոյն մարզիկի տիտղոսին:
Ինչ կը վերաբերի երէկուան մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակած մարզիկին, անիկա հանդիսացաւ Քեւին Տիւրընթ (Օքլահոմա), որ նշանակեց 32 կէտ:
CATEGORIES Մարզական


