Միլան Պարոշ Լքեց Միջազգային Ասպարէզը
Չեխիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Միլան Պարոշ երէկ լքեց ֆութպոլիստի իր միջազգային ասպարէզը` իր կազմին կրած պարտութենէն օր մը ետք, որուն պատճառով Չեխիա դուրս մնացած էր Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութենէն` պարտուելով Փորթուգալէն (1-0):
Չեխիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ 93 միջազգային մրցումի իր մասնակցութիւնը բերելէ եւ Չեխիոյ հետ 41 կոլ նշանակելէ ետք, 30 տարեկան յառաջապահը որոշեց լքել միջազգային ասպարէզը:
CATEGORIES Մարզական

