Կուարտիոլա. «Որեւէ Ակումբի Հետ Բանակցութիւն Չեմ Կատարեր»

Մէջբերելով Պարսելոնայի նախկին մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի խօսքերը` «Ֆրանս ֆութպոլ» կը նշէ, որ ան ներկայ հանգրուանին որեւէ ակումբի հետ բանակցութիւն չի կատարեր` մարզիչի իր պաշտօնը շարունակելու համար:

Ըստ Կուարտիոլայի, այժմ վեց ակումբներ մօտէն հետաքրքրուած են` իրենց կազմին միացնելու Կուարտիոլան: Այդ վեցէն ամէնէն աւելի լուրջ մօտեցում կը ցուցաբերեն Չելսի, Ինթեր Միլան, Պայէրն Միւնիխ, Շախտիոր Տոնեցք եւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը:

Սակայն Կուարտիոլա կը պնդէ, որ մինչեւ յառաջիկայ փետրուար-մարտ 2013 որեւէ ակումբի պիտի չմիանայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES