Ա. Թէ. Սէ. Էլ. Մեծաթիւ Մասնակցութիւն` Սփիտ-Թեսթի 2-րդ Հանգրուանի Մրցումին
Կազմակերպութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին կիրակի, 24 յունիսին, Ժունիէի Ֆուատ Շեհապ մարզադաշտին շրջափակը տեղի պիտի ունենայ Սփիտ-թեսթի (արագութեան մրցում) 2-րդ հանգրուանի մրցումը, որ կ՛իյնայ Լիբանանի Սփիտ-թեսթի 2012-ի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ այս 2-րդ հանգրուանի մրցումին մասնակցողներուն թիւը եղած է մեծաթիւ` նկատի ունենալով, որ անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 44 ինքնաշարժներ:
Այդ 44 վարորդներուն կարգին են երեք հայեր: Առաջինն է Կարօ Յարութիւնեան, որ պիտի մասնակցի «Պի. Էմ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ M-3» ինքնաշարժով, իսկ երկրորդը` Յովիկ Գարակէօզեան, որ իր տրամադրութեան տակ ունի «Միթսուպիշի Լենսըր Էվօ-7» ինքնաշարժը, իսկ երրորդը` Ճորճ Աթարեան («Պի. Էմ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ, Էմ-3»):
Փորձառու վարորդներուն կարգին է Ապտօ Ֆըղալի, որ կը մասնակցի «Էվօ-6»-ով:
Նշենք, որ նախանցեալ օր Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցաւ ինքնաշարժներու քննութիւնը:


