Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Թատերական Միաւորին Եւ «Բագին» Հանդէսին` «Զանզալախդ»-Ի Քննարկումը Կը Վերարծարծէ Լիբանանահայ Թատրոնի Խոցերն Ու Հոգերը

Յակոբ Տէր Ղուկասեան, Սարգիս Կիրակոսեան, Սեդա Գրիգորեան եւ Վարդան Ազնաւուրեան

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերական միաւորին եւ «Բագին» գրական  հանդէսին հինգշաբթի, 21 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ  «Զանզալախդ» թատերախաղի քննարկումը` Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ  Հ.  Արմէնեան»  սրահին մէջ:

Վաստակաւոր բեմադրիչներու, դերասաններու, մտաւորականներու եւ թատերասէր հանրութեան ներկայութեան կայացած այս քննարկումը առիթ եղաւ արծարծելու հայ թատրոնի եւ յատկապէս`  լիբանանահայ  թատրոնի անցեալ թէ ներկայ իրավիճակին առնչուող հարցեր, մտահոգութիւններ, մարտահրաւէրներ թէ առաջարկներ:

Այս առիթով խօսք առնելու հրաւիրուած էին  «Զանզալախդ» թատերախաղի բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան եւ թատրոնի հաւատաւոր ու խոստմնալից երիտասարդներէն Վարդան Ազնաւուրեան: Ձեռնարկին զրուցավարն էր արաբական գրականութեան ու թատրոնին  քաջատեղեակ եւ մօտէն ծանօթ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեան: Բացման խօսքը կատարեց  Համազգայինի «Բագին» գրական  հանդէսի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեան, որ ողջունելով ներկաները ներկայացուց օրուան զրոյց-քննարկումի նիւթը` գոհունակութիւն յայտնելով, որ նման հանդիպում մը կը յիշեցնէ Համազգայինի երբեմնի, յատկապէս` Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի գրական երեկոները, ուր տիրական էր Համազգայինի վաստակաւոր մշակներէն Գրիգոր Շահինեանի, Բաբգէն Փափազեանի, Վարուժան Խտըշեանի ու անոնց նմաններուն ազգաշունչ մթնոլորտը:

Ապա խօսք առաւ զրուցավար Սարգիս  Կիրակոսեան, որ ներկայացուց արաբ ծանօթ մտաւորական Իսամ Մահֆուզի «Զանզալախդ»  թատերախաղի «ծննդոց»-ին, ստեղծման եւ թատերական ներկայացման  պայմանները: Արաբական ու լիբանանեան գրականութեան հանրածանօթ դէմքերէն բանաստեղծ Ունսի  Հաժին վերագրելով իր տեղեկութիւնները` Կիրակոսեան յայտնեց, որ գրող Իսամ Մահֆուզ  լիբանանեան «Նահար» օրաթերթին կողմէ կը գործուղուի Լիբանանի ծանօթ խենթանոցը`  «Ասֆուրիէ»-ն, այդ մասին թղթակցութիւն պատրաստելու համար: Սակայն Մահֆուզ թղթակցութիւնը հրատարակելէ ետք կը շարունակէ այցելել նշեալ խենթանոցը եւ խենթերը խօսեցնելով իր տպաւորութիւնները կ՛արտացոլէ  «Զանզալախդ» թատերախաղին մէջ: «Զանզալախդ»-ը ունի քաղաքական  դիմանկարներով բովանդակութիւն, եւ այդ դիմանկարները 1960-ական թուականներու  արաբական աշխարհը կը ներկայացնեն: Օրին  թատերախաղը մերժուած է մէկէ աւելի  բեմադրիչներու կողմէ, հիմնականին մէջ` լեզուական պատճառներով:

Այս առիթով խօսք առին նաեւ բեմադրիչներ Արա Արծրունի, Վազգէն Մուղալեան, Վարդան  Մկրտիչեան եւ ուրիշներ: Արծարծուեցան առհասարակ լիբանանահայ թատրոնի, եւ յատկապէս` «Զանզալախդ»-ի թատերական բեմադրութեան մասին  թեր ու դէմ կարծիքներ: Արծարծուեցան գործածուած լեզուին եւ անոր քերականական ոճին բիւրեղացման անհրաժեշտութիւնը, մամուլի դերը քարոզչութեան ու հանրային կարծիքի նախապատրաստութեան իմաստով: Ներկաներէն ոմանք «յանդգնութիւն»,  ուրիշներ «արկածախնդրութիւն» որակեցին  բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի  այս նախաձեռնութիւնը: Եղան հարցադրումներ` նկատուած «թերացում»-ներու թէ «բացթողում»-ներու գծով, ինչպէս` իգական սեռին բացակայութինը այս թատերախաղի կազմէն: Այլ խօսքով` «Զանզալախդ»-ի քննարկումը առիթ մը եղաւ խթանելու ներկաները, որ վերյիշեն ու արծարծեն լիբանանահայ թատրոնի  անցեալի թէ ներկայի խոցերն ու մտահոգութիւնները, դիմակալած մարտահրաւէրները եւ այլն: Խօսք առաւ նաեւ «Զանզալախդ»-ի` յատուկ այս թատերախաղի արաբերէնէն հայերէնի թարգմանիչ, թատրոնի երիտասարդ տաղանդաւոր ու խոստմնալից ուժերէն Հրակ Տեմիրճեան, որ իր անդրանիկ այս փորձառութենէն մեկնելով ըսաւ, թէ ինչպիսի՜ հաճոյքով թարգմանած է թատերախաղը` փորձելով պահել հեղինակին գործածած լեզուին եւ ոճին հարազատութիւնը: Իր կարգին, բեմադրիչ  Յակոբ Տէր Ղուկասեան խօսեցաւ այս թատերախաղի իր ընտրութեան դրդապատճառներուն եւ նպատակին մասին` շեշտելով, որ իր թիրախը հայկականի կողքին նաեւ արաբ հանդիսատեսն էր` փորձելով ներգրաւել զայն եւ ցոյց տալ, թէ լիբանանահայ թատրոնը հայկականի եւ միջազգայինի կողքին հետաքրքրուած է նաեւ արաբական թատերախաղերով: Տէր Ղուկասեան  գոհունակութիւն յայտնեց, որ որոշ չափով յաջողած էր իր նպատակին ու առաքելութեան մէջ, յատկապէս որ արաբ լիբանանցի թատերասէրներ եւ մանաւանդ իր աշակերտներէն ոմանք ներկայ եղած են թատերախաղը դիտելու: Ան յիշեց, որ այս թատերախաղը նախապէս ալ ներկայացուած է հանրածանօթ բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանի կողմէ: Համազգայինի երաժշտանոցի տնօրէն Աշոտ  Ճենտերեճեան իր կարգին գնահատեց Տէր Ղուկասեանի այս նախաձեռնութիւնը` շեշտը դնելով հասարակութեան ու միջավայրի համապատասխան պատրաստակամութեան վրայ: «Որեւէ արուեստ պէտք է մտածելու մղէ», նշեց ան` բնորոշելով ընտրանի արուեստը շուկայական արուեստէն: «Բագին»-ի խմբագիր, մտաւորական Յակոբ Պալեան անդրադարձաւ մամուլի դերակատարութեան եւ հանրային կարծիքի նախապատրաստութեան անհրաժեշտութեան:  Լիբանանահայ ծանօթ թատերագիր Արա  Արծրունի նմանապէս դրուատիքով արտայայտուեցաւ, «յատկապէս գաղութի ներկայ պայմաններուն մէջ, ուր շատ դժուար է նման գործ իրագործել»: Ան յիշեց, թէ ինչպէս օրին  «Ոսկի Աքաղաղը» բեմադրուած է 45 անգամ եւ մամուլը մեկնաբանութիւններով կ՛անդրադառնար` նախքան թատերախաղի ներկայացումը հանրութեան: Նմանապէս, բեմադրիչ Վազգէն Մուղալեան բարձր գնահատեց  Յակոբ  Տէր  Ղուկասեանի այս նախաձեռնութիւնը,  յատկապէս նիւթի իր ընտրութեան  գծով: Բեմադրիչ Վարդան  Մկրտիչեան եւս կատարեց որոշ մատնանշումներ`  փոխանցելով իր տեսակէտները լիբանանահայ թատրոնին մասին:

Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած այս զրոյց քննարկումին, Սարգիս Կիրակոսեան, Սեդա  Գրիգորեան, ինչպէս նաեւ բեմադրիչներ Յակոբ  Տէր Ղուկասեան ու Վարդան Ազնաւուրեան  պատասխանեցին ներկաներու  հարցադրումներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES