Եուրօ-2012. Գերմանիա Մեծ Քայլերով Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը. Այսօր` Սպանիա – Ֆրանսա, Իսկ Վաղը` Անգլիա – Իտալիա

Գերմանիոյ նշանակած առաջին կոլը

Երէկ` ուրբաթ, 22 յունիսին տեղի ունեցաւ Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի երկրորդ մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Գերմանիան եւ Յունաստանը:

Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ շուրջ 39 հազար համակիրներու ներկայութեան, եղաւ գրեթէ միակողմանի, որովհետեւ Գերմանիոյ գնդակին վրայ տիրապետութիւնը եղաւ 66 տոկոսկով:

Ա. կիսախաղին Գերմանիա 1-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, մրցումը աւարտեց ի նպաստ իրեն` 4-2 արդիւնքով: Գերմանացիք այսպիսով ծանր պարտութեան մատնելէ ետք Յունաստանը, մեծ քայլերով ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսը, սպասելով վաղը` կիրակի օր տեղի ունենալիք Անգլիա – Իտալիա մրցումին յաղթականին:

Գերմանական ուրախութիւն

Նշենք, որ այսօր տեղի պիտի ունենայ քառորդ աւարտականի երրորդ մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Սպանիա եւ Ֆրանսա:

Շաբաթավերջին երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Գերմանիոյ կոլերը նշանակեցին Ֆիլիփ Լահմ (39-րդ), Սեմի Խըտիրա (61-րդ), Միրոսլաւ Քլոզը (68-րդ) եւ Մարքօ Ռէուս (74-րդ), իսկ Յունաստանի կոլերը նշանակեցին Ճիորճոս Սամարաս (55-րդ) եւ Տիմիթրիս Սալփինկիտիս (89-րդ` փենալթիով):

Գերմանիա, որ Յունաստանի դէմ նախապէս տեղի ունեցած ութ հանդիպումներուն ընթացքին պարտութիւն չէ կրած բաղդատմամբ Դանիոյ դէմ կատարուած մրցումին դաշտ ներկայացաւ մեծ փոփոխութիւն կրած կազմով մը` նկատի ունենալով, որ մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւ Մարիօ Կոմեզը, Լուքաս Փոտոլսքին եւ Թոմաս Մէօլըրը նկատի առած էր իբրեւ պահեստի մարզիկ:

Մրցումէն ետք Գերմանիոյ յաղթական կազմը

Այս փոխուած կազմով դաշտ ներկայանալով` Գերմանիա մրցումին ազդանշանէն սկսեալ կիրարկեց յարձակողական շատ զօրաւոր խաղաոճ մը` փորձելով անխնայ ըլլալ իր մրցակիցին նկատմամբ: Անիկա յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ եւ չորս անգամ ցնցեց բերդապահ Միխալիս Սիֆաքիսի բերդին ուռկանը:

Այդ յարձակողական խաղաոճին շնորհիւ էր, որ Գերմանիա ձեռք ձգեց 10 քորնըր, մինչ Յունաստան` միայն մէկ:

Նշենք, որ մրցումին իրաւարարն էր Տամիր Սքոմինա (Սլովենիա):

Այսօր եւ վաղը տեղի ունենալիք քառորդ աւարտականի երկու մրցումները կը խոստանան ըլլալ բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումներ` նկատի ունենալով, որ չորս խումբերն ալ զօրաւոր խումբեր են, սակայն ինչ որ ալ ըլլան անոնց արձանագրելիք արդիւնքները, պիտի ըլլան միայն երկու յաղթական կազմեր, որովհետեւ մրցաշարքը Բ. հանգրուանէն սկսեալ կը շարունակուի նաք-աութի դրութեամբ:

Յունաստանի նշանակած հաւասարութեան կոլը

Share this Article
CATEGORIES