Տեսակէտ. Համակարգչային Խաղի Ճամբով Թրքութեան Համահունչ Դաստիարակութիւն

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ազրպէյճանական 1news.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ ստեղծուած է Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի մասին համակարգչային խաղ մը, որուն նպատակը ազրպէյճանցի երիտասարդներու «ռազմահայրենասիրական ոգին բարձրացնելն է»: Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Ժորժ Քլեմանսօ կը նշէ, որ պատերազմը շատ կարեւոր հարց է եւ կարելի չէ զայն զօրավարներուն վստահիլ: Սակայն ազրպէյճանի իշխանութիւնները ազրպէյճանցի երիտասարդներուն մօտ կը ստեղծեն այն դիւրըմբռնումը, թէ պատերազմը հաճելի է, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի «ազատագրումը»` խաղ մը:

Այն իրողութիւնը, որ այս խաղի շնորհահանդէսը տեղի կ՛ունենայ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու տօնին առիթով, կու գայ վկայելու ազրպէյճանական իշխանութեանց այս խաղին եւ անոր «առաքելութեան» ընծայած կարեւորութեան մասին: Ատոր պատճառը այն է, որ անիկա կը նպաստէ ազրպէյճանցի նոր սերունդը «ճիշդ ձեւով», իմա` ուղղափառ թուրքերու վայել հայատեացութեամբ դաստիարակելու ազրպէյճանական իշխանութեանց նպատակին: Այսպիսով, Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդարարները իրենց նոր սերունդին կը փոխանցեն թրքական պապենական այն համոզումը, թէ հայերու սպանութիւնը հաճելի ժամանց մըն է:

Կը հաղորդուի, որ խաղի ընթացքին ազրպէյճանցի երիտասարդները պիտի փորձեն գրաւել Շուշին եւ խաղը «պիտի նպաստէ» ազրպէյճանցի երիտասարդներու` «Ազրպէյճանի նորագոյն պատմութեան» մասին գիտելիքներու յաւելումին, ուրեմն սկզբունքով` այս խաղը ազրպէյճանցի երիտասարդներուն մօտ ջղագրգռութիւն եւ յուսահատութիւն պէտք է ստեղծէ, որովհետեւ ըստ «Ազրպէյճանի նորագոյն պատմութեան»,  ազրպէյճանական բանակին մէջքը Շուշիի մէջ կոտրուեցաւ, ուստի այս խաղը խաղացողը միշտ չարաչար պիտի պարտուի, այլապէս անոր սորվելիքը պատմութիւն պիտի չըլլայ, այլ` հեքիաթ:

Վա՜յ ազրպէյճանական այն սերունդին, որ իր իշխանութիւններուն կողմէ այսպէս շահագործուելով` պատերազմը այս համակարգչային խաղին հետ պիտի շփոթէ եւ սխալ քայլերու պիտի մղուի: Անիկա այն ատեն է, որ «Ազրպէյճանի նորագոյն պատմութիւն»-ը պիտի սորվի…

 

 

Share this Article
CATEGORIES