«Եւրոյի Գօտին Փրկելու Համար Մէկ Շաբաթ Ունինք» Կ՛ըսէ Իտալիոյ Վարչապետը
Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Մոնթի նախազգուշացուցած է, որ եւրոպական միացեալ դրամանիշի շուրջ բանակցութիւններուն մէջ երկիրները ձախողելու իրաւունք չունին:
Յաջորդ շաբաթ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու վեհաժողովը, որուն առիթով Մոնթի նկատել տուած է, որ «բանակցութիւններու տապալումը յայտնութենական հետեւանքներ պիտի ունենայ»:
Միացեալ դրամանիշի գօտիի մեծ քառեակի` Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի եւ Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյի հետ բանակցութիւններով Իտալիոյ վարչապետը կ՛ուզէ ստեղծուած ճգնաժամէն «ելքի ուղի հարթել»: Իսկ ատոր համար, ըստ Իտալիոյ վարչապետին, իրենք մէկ շաբաթ ժամանակ ունին:
CATEGORIES Միջազգային


