Սուրիոյ Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգերը Վար Կ՛առնեն Թրքական Կործանիչ Մը
Զինուորական նոր զարգացումի մը շրջագիծին մէջ, Սուրիոյ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը երէկ վար առին թրքական կործանիչ մը, որ ոտնձգութիւններ գործած էր սուրիական գերիշխանութեան դէմ:
Թրքական կործանիչին անհետանալուն մանրամասնութիւններուն անդրադառնալով` թրքական ուժերու սպայակոյտի պետը յայտարարեց, որ երէկ առաւօտեան սուրիական ջուրերուն վրայ անհետացած է «Էֆ. 4» տիպի թրքական կործանիչ մը, որուն մէջ կային երկու օդաչուներ:
Օդաչուները միջերկրականի ջուրերուն մէջ ողջ գտնուեցան, իսկ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին համաձայն, թրքական նաւեր ուղղուած էին դէպի սուրիական ջուրերուն այն վայրը, ուր ջախջախուած էր թրքական կործանիչը:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք վստահ չէ եթէ Սուրիա ընդունած է, որ ինք վար առած է թրքական կործանիչը եւ ներում հայցած է այդ արարքին համար:
Քաղաքական առումով, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հանդիպելէ ետք Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարին յայտնեց, որ ինք կոչ ուղղած է սուրիական կառավարութեան յաւելեալ ջանքեր ի գործ դնելու` գործադրելու համար Սուրիոյ տագնապի լուծման միջազգային պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրը:
Սակայն Լաւրով միաժամանակ շեշտեց, որ օտար պետութիւնները պէտք է ճնշում բանեցնեն Սուրիոյ ընդդիմութեան վրայ` կասեցնելու համար բռնարարքները:
Լաւրով ըսաւ, որ Սուրիա պատրաստ է իր բանակը հեռացնելու Սուրիոյ տարբեր շրջաններէն ընդդիմադիր կողմերուն զինեալներուն հեռացումին զուգահեռ:
Լաւրով ըսաւ, որ Մոսկուա պիտի ջանայ, որ այլ երկիրներ եւս նման համաձայնութիւն մը հովանաւորեն: Ան ըսաւ, որ Ռուսիա ոչ մէկ բացատրութիւն կամ արդարացում ունի կատարելիք Միացեալ Նահանգներուն` Սուրիոյ հետ զինուորական իր գործակցութեան առումով:
Ժընեւի մէջ, Անան եւ Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտերու առաքելութեան նախագահ զօր. Ռոպըրթ Մուտ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեցին, որ հիմնականին մէջ անհրաժեշտ է վերջ տալ Սուրիոյ մէջ գործուող ոճիրներուն, բռնարարքներուն, քաղաքական կերպով լուծել երկրին տագնապը, ինչպէս նաեւ արգիլել Սուրիոյ տագնապը շրջակայ երկիրներուն փոխանցելու հաւանականութիւնը:
Անան յայտնեց, որ յառաջիկայ 30 յունիսին կարելի պիտի ըլլայ Ժընեւի մէջ գումարել նիստ մը, որուն պիտի մասնակցին Սուրիոյ մէջ ազդեցութիւն ունեցող երկիրներուն ներկայացուցիչները:
Ասուլիսին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Իրան պէտք է իր մասնակցութիւնը բերէ այդ հանդիպումին եւ մաս կազմէ Սուրիոյ տագնապին լուծման, որպէսզի կարելի ըլլայ քաղաքական լուծում բերել Սուրիոյ հարցին:
Մուտ իր կարգին շեշտեց, որ միջազգային դէտերը Սուրիոյ մէջ վարչական աշխատանք կը տանին` աւելցնելով, որ շրջուն ջոկատներ չկան այլեւս: Ան նշեց, որ յառաջիկայ 20 յուլիսին դէտերուն առաքելութիւնը կ՛աւարտի:
Մուտ յայտնեց, որ սուրիացի քաղաքացիներուն անվտանգութիւն պէտք է ապահովել:

