Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԲԱՆԱԿԸ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, թէ յառաջիկայ 15 յուլիսէն սկսեալ Նահր Պարետ գաղթակայան մուտք գործելու նպատակով բոլոր արտօնագիրներու դրութիւնը պիտի ջնջուի:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն պահպանելու համար երկրին կայունութիւնը:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմ երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին միջեւ գործակցութեան վերաբերող հարցեր:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան ուրբաթ օրուան քարոզին ընթացքին հարց տուաւ, որ արդեօք անիւներու հրկիզումով կարելի՞ է լուծել երկրին ելեկտրականութեան տագնապին հարցը: Ան շեշտեց, որ նման արարքները վնաս կը հասցնեն քաղաքացիներուն եւ անհրաժեշտ է հեռու մնալ այդ արարքներէն, ինչպէս նաեւ ընդդիմանալ լիբանանցիներուն սպառնացող սադրանքներուն:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք Թաուհիտ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց Լիբանանը Սուրիան հարուածելու հրթիռային խարիսխի չվերածելու եւ դէպի Սուրիա զէնք չմաքսանենգելու: Միւս կողմէ, Ուահապ զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին` մերժելով նոր Նահր Պարետի պատերազմ մը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան յաջորդ նիստին ընթացքին քննարկուելիք միակ հարցը պիտի ըլլայ Հըզպալլայի զէնքին թղթածրարը:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ Պապ Թըպպանէ շրջանի Սուրիա փողոցին մէջ ռումբ մը ինկած է:
«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը իր բոլոր քաղաքացիներէն պահանջած է մինչեւ յունիսի վերջը մեկնիլ Լիբանանէն:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին Հըզպալլա դրական կեցուածքներով եւ տրամադրութեամբ պիտի մասնակցի իր զէնքին շուրջ կատարուելիք քննարկումներուն:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայանները իրենց կարգին պիտի դառնան քննարկումի հիմնական օրակարգ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ իսլամական արգելափակեալներուն երաշխաւորագինը վճարելը լիբանանեան բանակին նահատակներուն հաշուոյն գործուած մեղք մըն է` աւելցնելով, որ վարչապետ Միքաթիի կողմէ ոճիրները ծածկելը շատ վտանգաւոր նախընթաց է: Ելեկտրականութեան տագնապին ակնարկելով` Նիքոլա շեշտեց, որ անոր պատասխանատու են հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, վարչապետ Միքաթի եւ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Լիբանանի մէջ ապահովական միջադէպեր պիտի արձանագրուին:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ներկայ իրավիճակը այսպէս պահելը աւելի եւս կը բարդացնէ հարցը եւ յաւելեալ լարուածութիւն կը ստեղծէ երկրին մէջ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հասան Մնայմնէ շեշտեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին նպատակը պարզապէս յաւելեալ ժամանակ շահիլ է, յատկապէս Հըզպալլային համար: Ան հաստատեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը ապարդիւն դուրս պիտի գայ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումը անխուսափելի է` աւելցնելով, որ ներքին լիբանանեան հարցերը լուծելու առումով երկխօսութեան միջոցէն բացի այլընտրանք չկայ:
ԲՈՒՍԱԳԷՏ Զէյն Աթաթի զաւակը` Իպրահիմ Աթաթ նախանցեալ օր առեւանգուեցաւ Մտայրեժի մէջ: Առեւանգող կողմը կապուեցաւ Իպրահիմի ծնողքին հետ եւ պահանջեց 5 միլիոն տոլարի փրկագին` ազատ արձակելու համար զայն:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ մէջ տասնեակ ցուցարարներ պահանջեցին վտարել Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին:

