Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Մարտ 14-ի Ուժերու Քրիստոնեայ Ներկայացուցիչները

Ռայի պատրիարքը` շրջապատուած Մարտ 14-ի քրիստոնէական ուժերու ներկայացուցիչներով եւ եպիսկոպոսներով:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող քրիստոնեայ ներկայացուցիչները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումները, յատկապէս Սուրիոյ իրադարձութիւններն ու Հըզպալլայի զէնքը:

Հանդիպումէն ետք Մարտ 14-ի քրիստոնեայ ուժերուն պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ, որ շեշտեց, թէ իրենք պիտի պատրաստեն փաստաթուղթ մը, որ ներքին բնոյթ պիտի ունենայ եւ իր կեցուածքը պիտի ճշդէ այս հարցերուն նկատմամբ:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքէն իրենք լսած են իրապաշտ կեցուածքներ, որոնք շատ տրամաբանական են:

Ժեմայէլ ըսաւ, որ հանդիպումին տիրած է մտերմիկ եւ դրական մթնոլորտ, որ կրնայ շինիչ արդիւնքներ ունենալ:

Ան հաստատեց, որ Պքերքէի հետ հաղորդակցութեան կապերը վերահաստատուած են:

Երեսփոխան Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ այս հանդիպումը առիթ մըն էր Ռայի պատրիարքին հետ բոլոր տարակարծութիւններուն վերջ տալու:

Երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ իր կարգին ընդգծեց, որ այս հանգրուանին պէտք է դասեր քաղել այն իմաստութենէն, որ Պքերքէի ազգային եւ պատմական դիրքը ներքին բոլոր տագնապներէն եւ տարակարծութիւններէն վեր պէտք է պահուի:

ՄԻՒՍ կողմէ, Ռայի պատրիարքը անհրաժեշտ նկատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ յարաբերութիւններուն բարելաւումը:

 

Share this Article
CATEGORIES