Նախարար Սապունճեան Այցելեց Պեքաայի Գործարանները

Ոգելից ըմպելիի գործարանի մը մէջ

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ ընկերակցութեամբ Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամի եւ կարգ մը շրջաններու քաղաքապետերուն այցելեց Պեքաայի գործարաններն ու հաստատութիւնները, որոնց շարքին են «Թումա», «Կարտենիա», «Մասթըր չիփս», «Միմոզա», «Սենթ Թոմաս» եւ «Պըրտաունի» մակնիշով արտադրութեանց գործարանները:

Իր այցելութեան ընթացքին նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կայ յաջող ճարտարարուեստ եւ յաջողած ճարտարարուեստի ներկայացուցիչներ ու գործատէրեր:

Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ լիբանանեան տարբեր շրջաններ իր կատարած այցելութիւնները կը միտին մօտէն հետեւիլ ճարտարարուեստի մարզին եւ իմանալ անոր դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան զօրակցութիւնը յայտնել լիբանանեան ճարտարարուեստին եւ գնահատել լիբանանեան արտադրութիւնները:

Նախարար Սապունճեան ընդգծեց, որ Պեքաայի մէջ կան գնահատելի եւ բարձրորակ արտադրութիւններ, որոնք մրցակցութեան լաւ կարողութիւն ունին:

Share this Article
CATEGORIES