Պրազիլի Մէջ Միքաթի Կ՛ընդգծէ Լիբանանին Հատուցումներ Կատարելու Իսրայէլի Պարտաւորութիւնը

Վարչապետ Միքաթի` «Ռիօ+20» խորհրդաժողովին ունեցած իր ելոյթին ընթացքին

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Ռիօ տէ Ժանէյրոյի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման յատուկ խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ Լիբանան մնայուն կերպով յանձնառու է բարգաւաճման ծրագիրներուն` աւելցնելով, որ անիկա կը ծառայէ երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումին:

Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց նաեւ, որ կարելի չէ յաւելեալ բարգաւաճում կատարել` առանց բոլոր ժողովուրդներուն արդար եւ ամբողջական խաղաղութիւն պարգեւելու:

Այս շրջագիծին մէջ, Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան անհրաժեշտ կը նկատէ պաղեստինցիներուն շնորհել իրենց ազգային ինքնորոշման եւ տունդարձի իրաւունքները` մերժելով տարբեր երկիրներուն մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը:

Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ բարգաւաճման իր բոլոր ծրագիրներուն իրականացման համար Լիբանան կարիք ունի յաւելեալ տնտեսական զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ առաջարկեց, որ ստեղծուի կենսոլորտային համաշխարհային ատեան մը եւ սերտէ Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան ներխուժումներուն ընթացքին պատճառուած վնասները, որոնց շարքին 2006-ին լիբանանեան ջուրերուն քարիւղային ապականումի հարցը: Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ Իսրայէլ պարտաւոր է Լիբանանին նիւթական հատուցում կատարելու եւ պահանջեց, որ համապատասխան ատեան մը ըլլայ, որպէսզի ան Իսրայէլը մղէ` կատարելու նիւթական իր պարտաւորութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES