Զօր. Աուն Եռօրեայ Այցելութեամբ Մը Կը Ժամանէ Զահլէ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ եռօրեայ այցելութեամբ մը ժամանեց Զահլէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Իսամ Տարուիշ եպիսկոպոսին հետ:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, զօր. Աուն հանդիպում մը ունեցաւ Զահլէի առաջնորդներուն եւ հոգեւորականներուն հետ:

Աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ կարեւորագոյնը միտքեր փոխանակելն է եւ ազգային միասնականութիւնը պահպանելը: Տարուիշ եպիսկոպոս իր կարգին յայտնեց, որ զօր. Աունի այցելութիւնը կը միտի քննարկել Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն իրավիճակը:

Հակառակ անոր որ Զահլէի մէջ քաղաքական բոլոր ուժերը զօր. Աունի այցելութիւնը նկատեցին ընտրական բնոյթ ունեցող այցելութիւն, այսուհանդերձ մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ այդ այցելութիւնը ունի ազգային բնոյթ եւ պէտք չէ զայն սահմանափակել ընտրական բնոյթին մէջ:

Լայեուն նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ ընտրարշաւներուն սկսելու համար տակաւին կանուխ է:

Լայեուն շեշտեց, որ զօր. Աունի եւ հոգեւորականներուն միջեւ հանդիպումը ընթացած է դրական մթնոլորտի մէջ:

Նշենք, որ նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆ մետասաներորդ պահուն մերժեց մասնակցիլ զօր. Աունի դիմաւորումին` նշելով, որ բոլոր ղեկավարները Զահլէ կ՛այցելեն ընտրական նկատառումներով:

Նշենք, որ զօր. Աունի Զահլէ այցելութիւնը պիտի աւարտի կիրակի օր:

 

Share this Article
CATEGORIES