Վերա Եագուպեան Եւ Պարոյր Աղպաշեան` Խմբագիրներու Սենտիքայի Յանձնախումբերու Անդամ

Վերա Եագուպեան

Խմբագիրներու սենտիքան Հազմիէի իր կեդրոնին մէջ երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Էլիաս Աունի:

Նիստին ընթացքին սենտիքան նշանակեց իր խորհրդատուները, որոնք են Թոնի Ֆրանսիս, Մոհթազ Միտանի, Ֆուատ Խարսա, Ուիլիըմ Տահեր, Ժոզեֆ Պասիլ, Խտըր Մաժետ, Թարեք Տըմլոժ, Ահմետ Ղարպի, Իման Շամաս Շքէյր, Ռամզի Մանսուր, Մայ Ապի Աքըլ, Մարք Պըխաազի, Իսամ Շելհուպ, Պերժիս Ժեմայէլ, Իսքանտար Շահին, Ռատուան Աքիլ, Ժորժ Շահին եւ Սամար Թըրք Պալլութ:

Սենտիքան նշանակեց նաեւ լրագրողներու սենտիքայի բարձրագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչներ, որոնք են` Իսա Ղարիպ եւ Ռաուֆ Շահուրի:

Սենտիքան կազմեց նաեւ իր յանձնախումբերը եւ նշանակեց անոնց նախագահները:

Ընկերային հարցերու յանձնախումբի նախագահ նշանակուեցաւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան:

Իսկ Հայկազեան համալսարանի դասախօս Պարոյր Աղպաշեան նշանակուեցաւ հանրային յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ:

Սենտիքային միւս յանձնախումբերն են` անդամագրութեան, միջազգային յարաբերութիւններու, լրագրական ասպարէզի վերաբերող խորհրդաժողովներ կազմակերպող, առողջապահական ապահովագրութեան, մշակութային ձեռնարկներու եւ դասախօսութիւններու, հանրային յարաբերութիւններու, ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու յանձնախումբեր:

Share this Article
CATEGORIES