Հանրապետութեան Եւ Խորհրդարանի Նախագահները Ընդունեցին Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութիւնը

Նախագահ Սլէյման` Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Պուլկարիոյ, Լեհաստանի եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարներ Նիքոլայ Մլատենովը, Ռատոսլաւ Սիքորսքին եւ Քարլ Պիլտթը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը, որ Թաէֆի համաձայնագիրէն բխած է, ազատութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կ՛ապահովէ, ինչպէս նաեւ պետական մարզին մէջ կ՛ապահովէ լիբանանեան ընկերութիւնը բաղկացնող բոլոր շերտերուն ու համայնքներուն ներկայացուցչութիւնը եւ նման չէ իր շրջակայ երկիրներուն մէջ տիրող վարչակարգերուն:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան կը հաւատայ մարդկային, ժողովրդավարական, հանրային ազատութեանց, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, բռնարարքներու ու ծայրայեղութեան ճնշումին եւ լիբանանեան բանակին, որ իր միասնականութեամբ կը պահպանէ երկրին միասնականութիւնն ու խաղաղութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛երաշխաւորէ քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ կը գործէ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ` գործադրելու համար ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը եւ կը պաշտպանէ երկրին սահմաններն ու ներքին լիբանանեան կայունութիւնը:

Ան նշեց, որ Լիբանան համոզուած է եւ կը հաւատայ լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութեան` աւելցնելով, որ երկուշաբթի օրուան Ազգային երկխօսութեան նիստը պիտի ըլլայ սկիզբը` քննարկուելիք օրակարգին շուրջ արդիւնքներու յանգելու:

Նախագահ Սլէյման ըսաւ, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին հիմնականին մէջ երկու հարցերու մասին խօսուած է. անոնցմէ առաջինը Լիբանանը Սուրիոյ զարգացումներէն զանց կացուցելն է, իսկ երկրորդը` Լիբանանի մէջ անջատման գօտիի մը յառաջացման մերժումն է, որ կը միտի արգիլել բոլոր այն փորձերը, որոնք կը կատարուին Լիբանանէն Սուրիա զէնք մաքսանենգելու:

Հանրապետութեան նախագահը դիտել տուաւ, որ սուրիացի գաղթականները ընդունելու առումով Լիբանանի կողմէ

տրուած որոշումը մարդկային որոշում է եւ այդ մէկը վերջ կը գտնէ, երբ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը վերադառնայ իր բնական վիճակին:

Իր կարգին, եւրոպացի դիւանագէտներուն պատուիրակութիւնը գնահատեց նախագահ Սլէյմանի դերակատարութիւնը` Լիբանանի վրայ շրջանային զարգացումներուն ունենալիք  հետեւանքներուն առաջքը առնելուն, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն միջեւ ազգային երկխօսութիւնը վերականգնելուն առումով:

Նախարարները շեշտեցին, որ Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու է Լիբանանի գերիշխանութեան, ապահովական կայունութեան եւ բարգաւաճումին:

Անոնք նշեցին, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստակամ է օժանդակելու լիբանանեան բանակին, որպէսզի ան կարենայ շարունակել իր ազգային դերակատարութիւնը` պահպանելով լիբանանեան միասնականութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպական Միութեան, յատկապէս միութեան մաս կազմող այն երկիրներուն, որոնց ուժերը մաս կը կազմեն հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն:

Պըրրիի Մօտ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց եւրոպացի դիւանագիտական պետերու պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ դեսպան  Էխհորեսթի, Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Թալալ Սահիլիի եւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:

Եւրոպացի նախարարները իրենց նախանձախնդրութիւնը յայտնեցին պահպանելու համար Լիբանանն ու անոր ապահովական կայունութիւնը` նկատի ունենալով շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները:

Եւրոպացի նախարարները նաեւ զօրակցութիւն յայտնեցին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող Ազգային երկխօսութեան նիստին, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի կայունութեան ամրապնդման համար:

Իր կարգին, Պըրրի մտավախութիւն յայտնեց սուրիական տագնապին գծով` ընդգծելով, որ հիմնական մտահոգիչ իրականութիւնը այն է, որ Սուրիոյ մէջ բռնարարքները կասեցնելու նպատակով երկխօսութիւն գոյութիւն չունի:

«Ֆենիսիա» Պանդոկին Մէջ

Իր հանդիպումները աւարտելէ ետք, Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան իր կատարած այցելութեան նպատակն էր զօրակցութիւն յայտնել Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ նեցուկ կանգնիլ իր ապահովական կայունութիւնը աւելի եւս ամրապնդելու եւ շրջանին զարգացումներէն չազդուելու Լիբանանի ջանքերուն:

Պատուիրակութիւնը շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ ազգային երկխօսութեան սկզբունքը` նկատել տալով, որ անիկա ցուցանիշ է, թէ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները կարողութիւնը ունին Լիբանանի վերաբերող հարցերուն վերաբերեալ համախոհութիւն գոյացնելու:

ՄԻՒՍ կողմէ, «Նահար» օրաթերթին համաձայն, նախագահ Սլէյման ընդարձակած է Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցող քաղաքական կողմերուն հետ իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն շրջագիծը` ապահովելու համար յառաջիկայ երկուշաբթի, 25 յունիսին տեղի ունենալիք նիստին յաջողութիւնը:

Նոյն աղբիւրին համաձայն, նախագահ Սլէյման երկխօսութեան մասնակցող 17 ներկայացուցիչներուն յայտնած է, որ Լիբանանի պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Հըզպալլայի զէնքը, պիտի ըլլայ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին քննարկուելիք միակ կէտը:

 

Share this Article
CATEGORIES