Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Կը Պատրաստուի Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Նստաշրջանին

Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը 25-29 յունիսին պիտի մասնակցի Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի ամառնային նստաշրջանին:

Խորհրդարանական պատուիրակութեան ղեկավարն է Դաւիթ Յարութիւնեան, իսկ պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Հերմինէ Նաղդալեան, Նայիրա Զոհրաբեան, Արմէն Ռուստամեան եւ Զարուհի Փոստանջեան:

Share this Article
CATEGORIES