ՀՅԴ-ն Դէմ Պիտի Քուէարկէ «Սեւանայ Լիճի Մասին» Օրէնքին Մէջ Լրացում Կատարելու Օրինագիծին

Վահան Յովհաննիսեան

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան երէկ Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց, որ ՀՅԴ-ն դէմ պիտի քուէարկէ «Սեւանայ լիճի մասին» Հայաստանի օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին վիճայարոյց օրինագիծին:

«Ընդհանուր իմաստով, մենք կը տանինք այն ջուրը, որ ետքը պիտի պակսի լիճը փրկելու իմաստով: Ու բոլոր պատգամաւորները, որոնք ոչ մեծ խանդավառութեամբ կողմ քուէարկեցին կառավարութեան ծրագիրին, պիտի հասկնան, որ քուէարկեցին նաեւ ասոր: Այսինքն` քաղաքականութիւնը արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ, կենսոլորտային հարցերուն մէջ, կը շարունակուի նաեւ այստեղ», ըսաւ Յովհաննիսեան:

Ան ընդգծեց, որ թէեւ կտրուկ պակսած են Հայաստանի բնակչութիւնը, մշակուող եւ ոռոգուող հողերը, բայց ջուրին պահանջարկը կտրուկ ձեւով աճած է:

«Եղբա՛յր, անտառները կտրած էք, ջուրն ալ պակսած է, պարզ չէ՞», իրավիճակը պարզաբանեց Վահան Յովհանիսեան:

Ընդգծելով, որ կառավարութիւնը չէ կրցած կանխատեսել այս տարուան ոչ ջրառատութիւնը եւ հիմա ալ Սեւանայ լիճէն լրացուցիչ ջրառ իրականացնելու թոյլտուութիւն կ՛ուզէ ստանալ` Վահան Յովհաննիսեան հարց տուաւ.

«Բայց ես ինչի՞ն հաւատամ, որ հիմա ճիշդ կը կանխատեսեն: Չէ՞ որ այսօրուան հաշուարկներն ալ որոշ կանխատեսման վրայ կառուցուած են: Հիմնաւորուած չէ այս պահանջը: Ըրէք այնպէս, յարգելի կառավարութիւն, որ այս վիճակը չկրկնուի: Իսկ այսօրուան կանխատեսումները ցոյց կու տան, որ այս վիճակը, դժբախտաբար կրնայ կրկնուիլ: Մեզի համար այս մօտեցումը ընդունելի չէ»:

 

Share this Article
CATEGORIES