Պուլկարիոյ Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Կը Յանձնէ Նախագահ Սարգսեանին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին երէկ իր հաւատարմագիրները յանձնեց Հայաստանի մէջ Պուլկարիոյ նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գէորգի Քարասթամաթով:

Նախագահը շնորհաւորեց դեսպանը` Հայաստանի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը սկսելու առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ պաշտօնավարման ընթացքին ան յաջողութիւններ ունենայ հայ-պուլկարական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ տարբեր մարզերուն մէջ համագործակցութեան զարգացման ուղղուած իր բոլոր նախաձեռնութիւններուն մէջ:

Երկու կողմերը ընդգծեցին, որ հայ եւ պուլկար ժողովուրդներու` դարերէ եկող բարեկամական ու ջերմ վերաբերմունքը միջպետական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման նպաստաւոր հիմք է, որ զարգացման մեծ ներուժ ունի:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Պուլկարիոյ դեսպանը կարեւոր նկատեցին երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան ուղղուած իրաւապայմանագրային դաշտի լիարժէք ձեւաւորումը, տարբեր մակարդակի աշխուժ փոխադարձ այցելութիւնները եւ հայ-պուլկարական առեւտրատնտեսական եւ գիտական-արհեստագիտական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնախումբի աշխատանքի աշխուժացումը, ինչ որ կողմերուն համոզումով, ոչ միայն պիտի նպաստէ քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացման, այլ նաեւ պիտի խթանէ երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալներու աճը:

Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջագիծին մէջ համագործակցութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES