Ազրպէյճանի Մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Պատերազմի Մասին Համակարգչային Խաղ Ստեղծուած Է

Ազրպէյճանական 1news.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ ստեղծուած է Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի մասին համակարգչային խաղ մը, որուն նպատակը ազրպէյճանցի երիտասարդներու «ռազմահայրենասիրական ոգին բարձրացնելն է»: Խաղի շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ այսօր` Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու տօնին առիթով:

Ազրպէյճանցի երիտասարդները պիտի փորձեն համակարգչային խաղին միջոցով գրաւել Շուշին:

Խաղը նաեւ «պիտի նպաստէ» ազրպէյճանցի երիտասարդներու` «Ազրպէյճանի նորագոյն պատմութեան» մասին գիտելիքներու յաւելումին: Անիկա կարելի պիտի ըլլայ ներբեռնել (տաունլոտ ընել) ձրի կերպով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES