Ակնարկ. Թէժ Քննարկումներ Եւ Կանխորոշուած Արդիւնքներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին ներկայացուած կառավարութեան ծրագիրին քննարկումները բաւական թէժ մթնոլորտի մէջ անցած են: Վարչապետին ներկայացուցած ծրագիրը, խորքին մէջ առաջադրանքային էր աւելի քան հիմնախնդիրներու լուծումներու գործնական ուղիները մատնանշող: Այդ իմաստով ալ անիկա չյաջողեցաւ էական փոփոխութիւններու, բարելաւումներու գործնականացման համոզումի նախանիշեր հաղորդել  ծրագիրին բովանդակութեան ծանօթացողներուն:

Պէտք է արձանագրել սակայն, որ եթէ ծրագիրը իր նախորդը յիշեցնող էր եւ  իբրեւ այդպիսին էական փոփոխութեան նախանիշերը չփոխանցեց, այնուամենայնիւ կարելի չէ նոյնը ըսել խորհրդարանի ներկայացուցած այսօրուան համապատկերին մասին: Նախ ի հարկէ ներկայացուած բազմակուսակցականութիւնը, յետոյ մանաւանդ համամասնական ընտրակարգով խորհրդարան մտած ընդդիմադիր թէ այլընտրանք կարգավիճակներով պատգամաւորներուն նոր որակը:

Այս մէկը անմիջականօրէն երեւցած է ազդելով քննարկումներուն վրայ: Գործող կառավարութեան ներկայացուցիչները յաճախակիօրէն մատնուած են դժուարութիւններու` խիստ հարցապնդումներու ենթարկուելով, առարկութիւններուն չկարենալ համարժէք պատասխան տալով եւ երբեմն ալ բուն քննադատութիւնները շրջանցելով: Քուէարկութեան արդիւնքը անշուշտ կանխորոշուած է, այսուհանդերձ անոր պատկերի յարաբերակցութիւնը եւս իբրեւ երեւոյթ փոխուած է:

Այս բոլորը կը նպաստեն անշուշտ երեւութական ժողովրդավարութեան ցուցադրութեան` տրուած ըլլալով, որ նախորդ խորհրդարանի թէ՛ քննարկումներուն եւ թէ՛ քուէարկութեան պատկերներուն համեմատած փոփոխութիւնը զգալի է: Բոլոր նախադրեալները կան մտածելու, որ հետագայ  քննարկումները եւս կ՛ըլլան թէժ, գործող իշխանութիւններու ներկայացուցիչները ոչ նախկին հեզասահութեամբ օրէնքի կը վերածեն իրենց նախագիծերը, երբեմն ալ քուէներու մօտեցող յարաբերակցութիւններով:

Էութիւնը չի փոխուիր անշուշտ: Միակուսակցական գերակայութիւնը վճռորոշ կ՛ըլլայ ամէնէն կարեւոր խնդիրներուն պարագային եւ իշխանութիւնները կ՛ունենան բնականաբար իրենց առաջադրած օրէնքները, որոշումները, բանաձեւերը: Մանաւանդ որ ծրագիրի քուէարկութեան պատկերը համոզեց, որ հանրապետական քուէներուն միացած են նաեւ մեծամասնական ընտրակարգով խորհրդարան մտած անկուսակցական պատգամաւորներու քուէները:

Երեւոյթը կը յիշեցնէ ինքնակառավարման մարմիններու եւ յատկապէս խորհրդարանական ընտրութիւններուն կիրարկուած մեթոտաբանական հիմնական փոփոխութիւնը: Հանգիստ, խաղաղ ընտրատեղամասեր եւ մինչ այդ վարչական լծակներու եւ նիւթական միջոցներու ազդեցութեան տակ քուէատուփ հասած ուղղորդուած զանգուածային քուէներ:  Արդիւնքը` ցուցադրուած եւ միջազգային գնահատականի արժանացած քաղաքակիրթ ընտրութիւններ. ի հարկէ ձեւով եւ ոչ թէ խորքով:

Պարզ է, որ մեր երկիրը թեւակոխած է արդէն նախագահական ընտրութիւններու նախափուլ: Պատճառներ կան մտածելու, որ ժողովրդավարութեան ցուցադրութեան հերթական հանգրուանի նախապատրաստութեան մէջ են համապատասխան հաստատութիւնները: Չի բացառուիր, որ ժողովուրդի մասնակցութեան աստիճանաչափի բարձրացման եւ մօտ համեմատութիւններով ընտրական մրցապայքարի բեմագրութիւններու համապատասխան թեկնածուներ ներկայանան նախագահական ընտրութիւններուն` արձանագրելու համար ժողովրդավար երկիրներու յարիր քուէարկութեան պատկերներ: Այս բոլորին արդիւնքը` քաղաքակիրթ ընտրատեղամասեր, սակայն ուղղորդուած եւ կանխորոշուած զանգուածային քուէներ: Բազմակուսակցական խորհրդարան, սակայն միակուսակցական գերակայութիւն: Որակաւոր քննարկումներ, սակայն միակողմանի որոշումներ: Եւ վաղը` այս օրինաչափութիւնները պահող նախագահական ընտրութիւններ:

Անշուշտ միայն բացասական մօտեցումով պէտք չէ դիտարկել մեթոտաբանական, ընտրական գործընթացներու կիրարկման եղանակներու նորարարութեան եւ  քննարկումներուն ապահովուած փոփոխութեան երեւոյթները: Խնդիրը ձեւականէն խորքայինին անցնելու կամքի բացակայութիւնն է: Պետականութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան կայացման համար խորքայինն ու իրողական ժողովրդավարացումը պայման են: Այլապէս, եթէ բացակայ է երկիրը իրողապէս ժողովրդավարացնելու կամքը, երեւութականը կը փոշիանայ որեւէ հանգրուանի:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES