Վաղը` Կիրակի Տեղի Ունենալիք Ճատրակի Յատուկ Մրցաշարքը Յետաձգուեցաւ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ճատրակի յանձնախումբին եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի վարչութեան ճատրակի յանձնախումբին, սկզբունքով վաղը` կիրակի, 24 յունիսին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենար ճատրակի յատուկ մրցաշարք մը:

Երէկ երեկոյեան յայտարարուեցաւ, որ այս մրցաշարքը յետաձգուած է մէկ շաբաթով:

Այժմ անիկա տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 1 յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին` նոյն վայրին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES