Հայկական Վարժարաններ Կը Մասնակցին Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Ազգագրական Պարերու Փառատօնին
Հայկական արուեստը, իր բոլոր ենթաբաժանումներով, համաշխարհային արուեստին մէջ ունի իր իւրայատուկ տեղն ու դիրքը: Որեւէ տեղ եւ ժամանակ, երբ տարբեր արուեստներու ընդհանուր խճանկարին մէջ տեղադրուի հայկական արուեստին որեւէ մէկ ճիւղին պատկանող խիճը, ապա անիկա անմիջապէս ուշադրութիւն կը գրաւէ իր գոյնին, բաղադրութեան, ոճին եւ էութեան շնորհիւ:
Հայկական պարը այս իմաստով բաւական ցցուն օրինակ մըն է, մանաւանդ երբ մատուցուի ոչ հայ շրջանակներու մէջ:
Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ազգագրական պարերու փառատօնը, որուն երեսունութերորդը կազմակերպուեցաւ եւ տեղի ունեցաւ կիրակի, 13 մայիսին, երեկոյեան ժամը վեցին, համալսարանին մարզադաշտին վրայ, լաւ առիթ մըն է լիբանանեան շրջանակներուն հրամցնելու հայկական պարը` մասնակից հայ վարժարաններու թէ հաստատութիւններու աշակերտական խումբերուն միջով:
Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին ղեկավարութիւնը նախանձախնդիր է, որ կրթական բարձրագոյն ուսման զուգահեռ, համալսարանի շրջափակին մէջ կազմակերպուին այնպիսի ձեռնարկներ եւ հանդիսութիւններ, որոնք նպաստեն լիբանանեան ընկերութեան բաղկացուցիչ տարրերուն առաւել համարկման եւ տարբեր շրջաններու միջեւ կապերու ամրապնդման:
Եւ ահա դարձեալ տասնութերորդ տարին ըլլալով, շնորհիւ պարուսոյց Հուրի Յակոբ Գալայճեանի, հայկական պարը անգամ մը եւս ներկայ եղաւ ազգագրական պարերու փառատօնին: Այս տարի Հայ աւետարանական քոլեճի, «Զուարթնոց» կեդրոնի եւ Մեսրոպեանի պարախումբերը իրենց մասնակցութիւնը բերին բոլոր պարերուն: Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտական պարախումբը ներկայացուց նաեւ փառատօնին բացման պարէն անմիջապէս ետք «Սասունցիներու պար»-ը, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց թէ՛ մասնակիցներուն եւ թէ՛ հանդիսատեսներուն մօտ` իր եռանդուն երաժշտութեան եւ պարաքայլերուն իւրայատկութեան շնորհիւ: Տարբեր ազգերու պարերուն հոյլին մէջ է, որ հայկական պարը առաւել շեշտուեցաւ իր դիմագիծով: Իսկ «Զուարթնոց» կեդրոնէն խումբ մը աշակերտներ մասնակցեցան փառատօնին հաւաքական վեց պարերուն:
Երբ աշակերտական պարախումբ կ՛ըսենք, պէտք է անմիջապէս հասկնանք շաբաթական կանոնաւոր փորձեր, տքնաջան աշխատանք եւ պատրաստութիւն, որպէսզի ի վերջոյ խումբը պատրաստ ըլլայ փառատօնին մասնակցելու համար: Եւ այս աշխատանքը անշուշտ կ՛իրականանայ կրթական հաստատութեան եւ պարուսոյց Հուրի Գալայճեանին միջեւ ամբողջական գործակցութեան շնորհիւ: Եւ կարեւորը այն է, թէ աշխատանքը ամէն տարի իր պտուղը կու տայ, երբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի մարզադաշտին վրայ կը հնչէ հայկական հարազատ երաժշտութիւնը եւ հայ աշակերտներ ներկաները կը խանդավառեն հայկական պարերով:
Ա. Ա.

