Մուսաուի. «Ամերիկեան Վեթոն Կ՛արգիլէ Լիբանանին Ելեկտրական Հոսանք Տրամադրելու Իրանի Պատրաստակամութիւնը»
Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի խստիւ քննադատեց Միացեալ Նահանգները` նկատի ունենալով, որ ամերիկեան վեթոն կ՛արգիլէ Լիբանանին ելեկտրական հոսանք տրամադրելու Իրանի պատրաստակամութիւնը:
Մուսաուի դատապարտեց նաեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը, որոնք ճիգ չեն խնայեր հարուածելու լիբանանեան պետականութեան հեղինակութիւնը, պարզապէս, որովհետեւ ներկայիս իրենք իշխանութեան վրայ չեն գտնուիր:
Մուսաուի ընդգծեց, որ Իրանի ներկայացուցած առաջարկը, որուն մէջ Թեհրանի համար շահեր չէին ապահովուած, ոչ մէկ կողմէ ներկայացուած է Լիբանանին, «սակայն կարեւորը այն է, որ լիբանանցիները կարողութիւն ունենան մերժելու ամերիկեան վեթոն, եւ այդ պահուն է, որ ելեկտրական հոսանքի տագնապը վերջ կը գտնէ», ըսաւ Մուսաուի:
CATEGORIES Լիբանանեան


