«Այս Հանգրուանին Կառավարութեան Տապալումը Յաւելեալ Վտանգ Կրնայ Հասցնել Երկրին Ապահովութեան» Շեշտեց Ժոմպլաթ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար հանգրուանը կարելի է շրջանցել, եթէ մարդիկ անկեղծօրէն եւ բարի մտքով մօտենան` հարցերուն լուծումներ գտնելու:
Ժոմպլաթ նշեց, որ իրենց համար անըմբռնելին այն է, որ մինչեւ օրս արաբական եւ քուէյթեան նիւթական օժանդակութիւններէն բաժին մը չէ յատկացուած` ելեկտրականութեան կացութիւնը բարելաւելու նպատակով:
Ժոմպլաթ ըսաւ, որ ելեկտրական հոսանքի մատակարարման հարցը թեքնիք հարց է եւ ոչ թէ քաղաքական` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է անոր թեքնիք լուծում մը գտնել եւ ոչ թէ հարցը քաղաքականացնել:
Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ կառավարութիւնը տապալելու պահանջները: «Թող գան եւ իրենք ստանձնեն իշխանութիւնը, սակայն այս հանգրուանին կառավարութիւնը տապալելը շատ աւելի վտանգաւոր է երկրին ապահովութեան համար, արդեօք անոնք պատրա՞ստ են ստանձնելու այդ պատասխանատուութիւնը», հարց տուաւ Ժոմպլաթ:
Անդրադառնալով պաղեստինեան գաղթակայաններուն` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ պաղեստինցիներուն շահերուն չի ծառայեր գաղթակայաններուն մէջ հարցերու ստեղծումը:
Սուրիոյ տագնապին մասին խօսելով` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ այդ տագնապին լուծումը անկարելի է Պաշշար Ասատի ներկայութեան:

