Եուրօ-2012. Շվայնսթայկըր. «Այս Անգամ Փենալթիի Հարուածը Պիտի Հասցնեմ Իր Նպատակին»
Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահներէն Պասթիան Շվայնսթայկըր իր տուած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ եթէ Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքին իր կազմը փենալթիներու մնայ, ինք իր կազմին հետ պիտի իրագործէ այդ մէկը:
Նշենք, որ ան «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին ձախողեցաւ ատոր մէջ:
Այժմ սակայն ան մեծ ինքնավստահութեամբ կ՛ըսէ, որ պարագան տարբեր պիտի ըլլայ նախորդէն:
CATEGORIES Մարզական


